İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՍՊԻՏԱԿ ՑԱՆԿԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը 7 Նոյեմբեր 2022, Երկուշաբթի, ժամը 10.00-ին ընդունեց Եշիլգիւղի Թաղային Խորհուրդի ընտրութեան սպիտակ  ցանկի թեկնածուները, առաջնորդութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեանի եւ գլխաւորութեամբ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուի։

Ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճու շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ մի առ մի ներկայացուց թեկնածուները։

Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց այցելուներու ներկայութիւնը եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ ընտրութեան սեմին այցելած էին իրենց հոգեւոր կեդրոնը, ինչ որ առիթ ընծայած էր թեկնածուները ճանչնալու։ Լսեց խումբի ապագայի ծրագիրներուն մասին տրուած բացատրութիւնները, որոնք հիմնաւորուած պիտի ըլլային թաղային խորհուրդի ձեռք բերած յաջողութիւններուն վրայ։ Նորին Ամենապատուութիւնը ըրաւ հայրական թելադրութիւններ, համայնքային զանազան հարցերու եւ անոնց լուծման համար ծրագրուած աշխատանքներու մասին։ Ընդգծեց համայնքային կեանքէն ներս յաջողութիւններ արձանագրելու համար միասնականութեան եւ զօրակցութեան կարեւորութիւնը։ Յիշեցուց նաեւ վարժարանի զարգացման զուգահեռ եկեղեցիէն ներս ալ զարգացումներ արձանագրելու կարեւորութիւնը։

Ընդունելութեան աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ թեկնածուներուն, յաջողութիւն մաղթեց իրենց ընտրական շրջանի գործունէութեանց մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın