İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ ՄԻՇՏ ԿԻԶԱԿԷՏԻՆ

Լեզուն ապրեցնողը միայն հայու ոգին չէ։ Լեզուն նախ եւ առաջ նիւթական է, կոպիտ ասած՝ դրամը։ Այս պատճառով է նաեւ, որ յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի գաղութներուն մէջ արեւմտահայ լեզուի «ոսկերիչներ»էն շատ-շատերը հրապարակէն խոյս տալով կը հեռանան ու աւելիով կը նօսրացնեն ամենատարբեր պատճառներու հետեւանքով հայագիտութեան դրօշը բարձր պահողներուն շարքերը։

Անշուշտ, այս գրութիւնը երբեք չի միտիր ստեղծել տպաւորութիւն, որ ընդհանրապէս արեւմտահայութեան խնդիրներով զբաղող կամ ամենակարեւորը արեւմտահայերէն լեզուն կեանքի կոչողներուն մօտ առկայ է մեծ հիասթափութիւն ու մեր դարաւոր լեզուի «գնացքը, արդէն վաղուց մեկնել է…»։

Այդպէս չէ։ Ո՛չ միայն ոգեղէնութեան խնդիր կայ, այլեւ կայ անցեալէն եկած ժառանգութիւնը նոր ժամանակներու տանելու յանձնառութիւնը, նաեւ հասունցած է սերունդ մը, որուն համար ալ արեւմտահայերէնով խօսիլը, արարելը, ստեղծելն ու ապրիլը դարձած են արդիական յղացքներ։ Արեւմտահայերէնը կ՚ապրի այդ մարդոցմով, աւիշ կը ստանայ, մարմին կը կապէ եւ որպէս ոգեղէնութեան իրական լաստ կը դրուի նոր օրերու եւ նոր ջուրերու մեծ ճամբորդութեան մէջ։

Սփիւռքին նման այսօր «կը լողայ» արեւմտահայերէն լեզուն, կը դառնայ բազմերանգ, կը դառնայ բազմիմաստ, կը դառնայ տարողունակ ու մեզ ալ իր մէջ առնելով կը կոչուի նոր կեանքի եւ իմացութեան։

Փոքր խումբերով եւ փոքր հաւատքով մոմի լոյս մը վառելու հաւատալիքով նոր սերունդի ներկայացուցիչներ սփիւռքի տարբեր անկիւններուն մէջ քով-քովի գալով կը հարթեն ճանապարհը այսօրուան արեւմտահայ գիրին։ Ճիշդ է, որ գրականութեան մեծ ցոլքերու դիմաց կանգնած չենք այսօր, բայց չի բացառուիր որ այսօր ներդրուած վստահութիւնը ու առաւելապէս նեցուկը մօտաւոր ապագային նոր եռանդ եւ նոր անուններ պիտի բերեն մեր գրականութեան անդաստանին։

Այստեղ հարկ է անպայման նշել, որ յատկապէս վերջին ամեակներուն երբ Մերձաւոր Արեւելքը մտաւ նոր տագնապներու մէջ, քիչ չեղան այն հայրենակիցները, որոնք հեռացան իրենց օճախներէն եւ եկան հայրենիք՝ Հայաստան։ Անոնք կրցան ստեղծել նոր տեսակի «ծաղկուն» համայնք մը, որ առաւելաբար կը ճանչցուի, որպէս «արեւմտահայերէն խօսողներու համայնք»։

Ճիշդ է, որ այս բաղադրիչը մինչեւ այս պահը չունի կազմակերպուած համայնք մը ըլլալու հիմնադրոյթները, բայց եւ այնպէս այս համայնքը ունի բաւարար ներուժ՝ դառնալու կազմակերպուած տարր եւ առաջ մղելու հայրենի եզերքներուն արեւմտահայ լեզուն տարածելու, ապրեցնելու հիմնարար նպատակը։

Այս բոլորը անշուշտ զատողութիւն մը մտցնելու կամ Հայաստանի մէջ ապրող եւ արեւմտահայերէն լեզուն կրողներուն առաւելութեան մը նպատակով չեմ գրեր, այլ պարզապէս ցոյց տալու համար, որ այսօր Երեւանի մէջ կայ, կ՚ապրի եւ կը գործէ համայնք մը, որ ունի լաւագոյն ներուժ եւ կրնայ նոր եռանդ եւ նոր կենդանութիւն բերել արեւմտահայերէնին։

Աւելի քան վստահ եմ, որ արեւմտահայերէնի նոր «քարտէս»ին մասին մտածողները քիչ չեն։ Շատեր միայն խօսքով կը հետեւին արեւմտահայերէնի զարգացումներուն, ուրիշներ կը քննադատեն եւ քիչեր միայն խօսքէն անդին երթալով կ՚անցնին իրական գործի։

Այդ, «իրական գործ»ին հաւատացող եւ այդ գործին համար ճիգ ու ջանք չխնայողներէն է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն տքթ. Ռազմիկ Փանոսեան։

Ի դէպ, օրերս Երեւան գտնուող Փանոսեան ուշագրաւ հարցազրոյց մը տուած էր «Սիվիլնէթ» կայքէջին, որուն կարեւորագոյն հատուածներուն սղագրութիւնն ալ կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն։

Փանոսեան մասնաւորապէս կ՚ըսէր.

«Հիմա Հայաստանի մէջ կայ շատ կարեւոր խմբակ մը արեւմտահայախօսներու եւ մենք անոնց հետ կը գործակցինք, որպէսզի մեր արեւմտահայերէնի ծրագրերը, որոնք սփիւռքի համար նախատեսուած են, ներգրաւուին նաեւ Հայաստանի այս խմբակին մէջ։ Այս առումով կ՚արժէ յիշել «Wikipedia»ն կամ «Yertik.com» ծրագիրը, որ մանկական ծրագիր մըն է առցանց հեռուստացոյցի պէս։ Այս ծրագիրներուն մէջ աշխատող անհատներուն կարեւոր մասը Հայաստան ժամանած է Լիբանանէն եւ Սուրիայէն։ Ուրեմն հոս՝ Հայաստանի մէջ ունինք արեւմտահայերէն խօսողներու կարեւոր ներուժ, ու շատ կարեւոր է օգտուիլ անոնց ներկայութենէն ու զանոնց համար գործելու կարելիութիւններ ստեղծել։ Անշուշտ, գոյութիւն ունին կարգ մը մանկավարժական առումի տարբերութիւններ ու ատոր համար ալ տեղի կ՚ունենան կարգ մը յարմարեցումներ։ Այլ գետնի վրայ սփիւռքի մասին հետազօտութիւներ կը կատարուին եւ եթէ մօտեցումը հետաքրքրական է, կրնանք քաջալերել, որպէսզի Հայաստանի մասնագէտներու հետ գործակցինք: Սփիւռքի մասին ուսումանսիրութիւններու առընթեր օրերս Երեւանի մէջ ներկայացուցինք տքթ. Չիլինկիրեանի ուսումնասիրութեան արդիւնքները, ներկայութեամբ նաեւ հայաստանցի մասնագէտներու, եւ ընդհանուր պատկերը դրական էր։

«Մեր նպատակներէն է, որ սփիւռքը աւելիով ճանչցուի Հայաստանի մէջ, որովհետեւ ճանաչումի խնդրով բաւական բացեր կան, որոնք պէտք է լրացուին։

«Ինչ կը վերաբերի մեր ապագայ ընելիքներուն, ապա ըսեմ, որ մեր յաջորդ հինգամեայ ռազմավարութիւնը մշակելու ընթացքի մէջ ենք եւ յառաջիկայ քանի մը ամսուան ընթացքին անպայման առիթը կ՚ունենանք այդ մասին աւելի մանրամասն խօսելու»։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

http://www.jamanak.com/content/հարթակ/7-11-2022-արեւմտահայերէնը-միշտ-կիզակէտին

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın