İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Հանրապետութեան Տօնին առթիւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը 27 Հոկտեմբեր 2022ին Հանրապետութեան Վսեմ. Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի շնորհաւորական գրութիւն ուղարկեց։ Նորին Ամենապատուութիւնը յանուն Պատրիարքական Աթոռի, Պատկ. Կրօնական Ժողովի, Հոգեւորականաց Դասու, համայնքային մարմիններու եւ Թուրքիոյ Հայ համայնքին բարեմաղթութիւններ ներկայացուց Նորին Վսեմութեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը, նոյն թուականին Թուրքիոյ մէջ ինքնաշարժ սարքելու Նախաձեռնարկ Ընկերութեան (ԹՕԿԿ) Կէմլիքի համալիրի 29 Հոկտեմբեր 2022, Շաբաթ օր Հանրապետութեան Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի մասնակցութեամբ կատարելի բացման հանդիսութեան առիթով շնորհաւորեց Ճարտարարուեստի Նախարար Մուսթաֆա Վարանքը։ Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց մեծայարգ նախարարին սոյն հանդիսութեան առթիւ եղած հրաւէրին համար եւ ներկայացուց իր բարեմաղթութիւնները։

Հանրապետութեան հռչակման 99ամեակին առիթով Ստանպուլի Կուսակալ Մեծայարգ Ալի Երլիքայայի եւ Ազնուափայլ Տիկնոջ տանտիրութեամբ Աթաթիւրք Մշակութային Կեդրոնին մէջ սարքուած ընդունելութեան յանուն Պատրիարքական Աթոռի մասնակցեցաւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քհնյ. Տամատեան եւ յանուն Նորին Ամենապատուութեան ու համայնքին շնորհաւորեց Մեծայարգ Կուսակալը։

Իսկ 29 Հոկտեմբերին՝ Հանրապետութեան Տօնին, Կուսակալութեան պաշտօնարանին մէջ սարքուած պաշտօնական շնորհաւորական ընդունելութեան յանուն Պատրիարքական Աթոռի մասնակցեցաւ Արժ. Փոխանորդ Հայրը, ընկերակցութեամբ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Հրանդ Մոսկոֆեանի։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın