İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՄԻԱՅՆ ՈՒՐԱԽ ՕՐԵՐՈՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ՉԷ, ԱՅԼ ԱՒԵԼԻՆ Է»

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն Պերճ Աբգարեանի հետ, որ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսն է, ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկեցինք հայաշխարհի օրակարգի արդի հարցերը։

*

-Տարիներէ ի վեր մարդասիրական նպատակներով կու գաք Հայաստան։ Այս տարի գլխաւոր նպատակները ի՞նչ են։

-Դժուար պայմաններու մէջ ենք։ Երկիրը լարուած վիճակ մը ունի։ Այս բոլորը նկատի ունենալով, ինծի համար բժշկական առաքելութեամբ հոս գտնուիլը առաջնահերթութիւն էր։ Տատամսելու առիթ չկար։ Եթէ մենք հայրենիքի կողքին պիտի կենանք, լաւ օրերուն եւ պայմաններուն մէջ գալը իմաստ չունի։ Ուրախութեամբ կ՚ըսեմ, որ խումբը երեսուներեք հոգիէ կը բաղկանայ եւ բոլորն ալ պատրաստակամ եւ անվախ ճամբայ ելան։ Նախքան գալը, ես իրենց ըսի, որ պէտք չէ վախնանք, այլ պէտք է կեդրոնանանք մեր նպատակին վրայ։ Մեր նպատակը ծառայելն է։ Ինչպէս անցեալ տարի եւ 2020-ի պատերազմէն ետք, մեր հիմնական աշխատանքը եղած է զինուորներուն օգնելը։ Անոնց ցաւերը ամոքելը, առողջական վերականգնման աշխատանքները եւ ֆիզիքական թերափին՝ մերսումը, եւ այլ բժշկական ծառայութիւններ մատուցելը։ Ատկէ զատ ունինք բազում մասնագէտներ՝ ատամնաբոյժ, վիրահատ, ներքինի մասնագէտ, ակնաբոյժ եւ այլն։

-Հա՞յ մասնագէտներ են, թէ՞ օտար։

-Բոլորը օտար մասնագէտներ են։ Այս տարուան բժշկական առաքելութիւնը երեք հիմնական ուղղութիւններ ունի. առաջին՝ զինուորներուն աջակցութիւն, երկրորդ՝ Ափրիկէէն երկու երիտասարդ կիներ պիտի ժամանեն Հայաստան, որոնք միզապարկ չունին եւ անոնց վիրահատութիւնը հոս պիտի կատարենք։ Երեք վիրահատներ պիտի գան Սիէթըլէն եւ ձրիօրէն զանոնք պիտի վիրահատեն։ Երբ մեզի դիմեցին այդ կիները, առանց երկմտանքի կամ տատամսելու հաւանութիւն տուինք։ Ի վերջոյ նպատակս այն էր, որ ցոյց տանք աշխարհին, որ հակառակ մեր երկիրը վատ պայմաններուն մէջէն կ՚անցնի, մենք նաեւ կը մտածենք ուրիշներու մասին եւ մեր երկրին մէջ կը հիւրընկալենք, ձրիաբար կը խնամենք ու կ՚օժանդակենք օտարները, անոնց առջեւ մեր սրտերն ու դռները բանալով։ Ֆրեզնոյի քաղաքապետարանի կարեւոր անձնաւորութիւններէն՝ Մայքըլ Քարպասին մեզի միացաւ, որպէսզի Սուրբ Էջմիածինի եւ Երեւանի Պետական համալսարանի հետ մեր կապերը աւելի զարգացնենք։ Այս երեք հիմնական ուղղութիւններով եւ նպատակով եկանք։ Փառք կու տամ Աստուծոյ, որ Ֆրեզնոյի համայնքի զօրակցութեամբ, մեծամասնութեամբ օտարներու աջակցութեամբ կրցանք յաջողցնել այս գործը, որ նիւթական մեծ ծախսի կը կարօտի։ Մեզի վստահուած այս աշխատանքը մեծ պատասխանատուութեամբ կը կատարենք։

-Գիտէք, վերջին շրջանին՝ մանաւանդ պատերազմի ընթացքին, սփիւռքը իր ամբողջ կարողականութիւնը ի սպաս դրաւ հայրենիքին։ Ցաւօք, մենք պարտութեան մատնուեցանք, որու հետեւանքով, յատկապէս Ֆրեզնոյի հայկական համայնքը հոգեպէս ընկճուեցա՞ւ։

-Անշուշտ պարտութիւնը մեր բոլորը հոգեպէս ընկճեց, բայց նոյնիսկ այդ պարտութեան մէջ, մենք պէտք է կեդրոնանանք ոչ թէ ողբերգութեան վրայ, այլ անոր մէջ պէտք է գտնենք նպատակ՝ ապագայի յոյս եւ վճռակամութիւն։ Մենք եթէ թոյլ կեցուածք ունենանք հայրենիքի հանդէպ, մեր հայրնիքին աւելի վնաս հասցուցած կ՚ըլլանք։ Հանգիստ սրտով քեզի կ՚ըսեմ, որ արդէն իմ հոս գտնուիլս, բժշկական առաքելութիւնը կրկին կատարելս երաշխիք է, որ համայնքը ամբողջութեամբ պատրաստ է, վստահելի աղբիւրներու միջոցաւ իր լուման տալ եւ զօրավիգ կանգնիլ մեր երկրին։

-Դուրսէն, ընդհանրապէս տարբեր կը տեսնեն Հայաստանը, իսկ երբ հոս գան, ուրիշ իրականութեան մը կը բախին։ Դուք որեւէ մտավախութիւն տեսա՞ք, Հայաստան գալէ վերջ։ Քանի որ բազմաթիւ խօսակցութիւններ կան, թէ մենք իրապէս վտանգուած ենք։ Ի վերջոյ ինչպէ՞ս կը վերլուծէք մեր այսօրուան իրավիճակը։

-Անշուշտ վտանգը միշտ կայ, բայց ինչպէս ըսի՝ վախնալով գործ չի տարուիր։ Ինծի համար հայրենիքը իտէալական իմաստ ունի։ Մեր հայրենիքը միայն ուրախ օրերուն հայրենիք չէ, այլ հայրենիքը միշտ մեզի հետ է, մեր մէջ է։ Այն հայրենիքը, որ եօթանասուն տարիներէ աւելի երազեցինք, որպէսզի ազատ-անկախ ըլլայ, մեզի համար, մեր կեանքի բարձրագոյն՝ իտէալական տեղը պէտք է գրաւէ։ Այդ պէտք չէ խախտուի։ Այդ վեր պէտք է դասենք բոլոր շահերէն, կողմնորոշումներէն, ըլլան անոնք գաղափարական, կուսակցական կամ այլ։ Մենք ամէն ինչ պէտք է ընենք, որպէսզի հայրենիքը հզօր ըլլայ։ Ունինք-չունինք մէկ հայրենիք ունինք։ Բոլորս ալ գիտենք, որ առանց հայրենիքի սփիւռք չկայ, առանց սփիւռքի, հայրենիք չկայ։ Իւրաքանչիւր հայ եթէ այս հասկացողութիւնը ունենայ եւ նուիրուի հայրենիքի բարգաւաճման, մենք խնդիր չենք ունենար։

-Դուք երկար ժամանակէ ի վեր ոչ միայն ԱՄՆ-ի քաղաքացի էք, այլեւ գործի բերումով երկրի պատասխանատուներուն հետ շփման մէջ էք, ամերիկեան կազմակերպութիւնները շատ լաւ կը ճանչնան ձեզի։ Ի՞նչ կը մտածէք, կարծէք այս փուլին ԱՄՆ-ի դիրքորոշումը աւելի դրական է այլ ժամանակներէ։

-Անշուշտ, մենք պէտք է շնորհակալութիւն յայտնենք բոլոր հայկական կազմակերպութիւններուն, որոնք միշտ եւ յատկապէս վերջին մէկ տարուան ընթացքին մեծ ճիգ թափեցին եւ իրենց ամբողջ կարողականութիւնը Հայաստանի ի սպաս դրին։ Այլ առումով մը այստեղ ես կ՚ուզեմ գնահատել ԱՄՆ-ի մօտ Հայաստանի դեսպան Լիլիթ Մակունցը։ Ան Նենսի Փելոզիին Հայաստան այցին գծով հսկայական աշխատանք կատարեց։ Դեսպանատունը՝ Մակունցի ղեկավարութեամբ, հսկայական գործ կատարեց, որպէսզի այս վատ պայմաններուն մէջ յոյսի նշոյլ մը տրուի։ Քաղաքական ակնոցով դիտելով, նկատի ունենալով Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի իրավիճակը, ԱՄՆ իր դիւանագիտական կեցուածքով, այդ այցով, Ռուսաստանին ալ ցոյց տուաւ, որ «մենք հոս ենք»։ Անոնք տեսան, թէ ինչպէս Ռուսաստանի զբաղուածութիւնը օգտագործելով՝ ազէրիները յարձակում կատարեցին։ Այս տեսնելով, ԱՄՆ չէր կրնար անտարբեր գտնուիլ։ Անշուշտ իրենք իրենց շահերն ալ ունին։ Փելոզիին այցը ոչ թէ միայն «սեմպոլիք» արտայայտութիւն է, այլեւ ապագայի առումով շատ մեծ՝ դրական քայլերու կրնայ առաջնորդել։ Ինչպէս կը տեսնենք, թէ ծերակուտականի կարգ մը ներկայացուցիչներ ճնշում կը բանեցնեն Պայտընի վրայ, որպէսզի ռազմական որեւէ օժանդակութիւն չտրուի ազէրիներուն։ 1991-էն ի վեր առաջին անգամն է, որ ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու տան նախագահը ոտք կը դնէ Հայաստան։ Գիտէք, որ ան ԱՄՆ-ի վարչակարգի բուրգին երրորդ անձն է։ Հսկայական ազդեցութիւն ունի։ Նոյնիսկ եթէ բան չընէ, անպայման շատեր իր այցով, իրենց պատասխանը առին։

-Իսկ եթէ ԱՄՆ-ի յառաջիկայ ընտրութիւններուն մասին խօսինք, ապա Փելոզիի Հայաստան այցելութիւնը ձեւով մը կ՚ազդէ՞ ընտրութեանց վրայ՝ հայկական քուէները ստանալու առումով։

-Անկասկած։ Ան թէեւ Ներկայացուցիչներու տան խօսնակն է, բայց նաեւ մաս կը կազմէ իշխանութեան գլուխ գտնուղ ժողովրդավարական՝ «Դեմոկրատական» կուսակցութեան։ ԱՄՆ-ի ժողովուրդին կողմէ դժգոհութիւններ կան կարգ մը առումներով՝ կեանքի սղութեան, անգործութեան, եւ այլն։ Վախ կայ, որ դեմոկրատականները տեղի տան Ներկայացուցիչներու տան մէջ։ Հետեւաբար, իրենք կ՚ուզեն տարբեր ձեւերով՝ ճանապարհներով փաստել իրենց հայրենասիրութիւնը եւ մարդասիրութիւնը։ Այսպիսի կնճռոտ պայմաններու մէջ ինք քաջութիւնը կ՚ունենայ եւ Հայաստան կ՚այցելէ։ Իրեն համար ալ այս դրական քայլ մըն է, քանի երկու տարին անգամ մը որպէս Ներկայացուցիչներու տան նախագահ ինք պէտք է վերընտրուի։ Մանաւանդ՝ ինք կու գայ Սան Ֆրանսիսքոյէն, ուր հայութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունի։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

http://www.jamanak.com/content/հարթակ/24-10-2022-«մեզի-համար-հայաստանը-միայն-ուրախ-օրերու-հայրենիք-չէ-այլ-աւելին-է»

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın