İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆ ԴԷՄՔԵՐՈՒ ՀԵՏ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 26 Սեպտեմբեր 2022, Երկուշաբթի, ժամը 19.00-ին Պատրիարքարանի մէջ երկրորդ անգամ հանդիպում ունեցաւ զանազան համալսարաններու մէջ պաշտօնավարող Հայ ակադեմական

դէմքերու հետ։ Ինչպէս ծանօթ է Նորին Ամենապատուութիւնը երկու ամիս առաջ առաջին անգամ Պատրիարքարանի երդիքին տակ ընդունած էր ակադեմական դէմքեր։ Հանդիպումին ներկայ էր Պատրիարքական

Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Պատրիարքական Աթոռի Հայ Մենթի Մենթոր ծրագրի պատասխանատուներ՝ Մերի Թաքսի Տեվէճեանի եւ Արաս Եոլուսեվէրի միասնական ջանքերով իրագործուած հաւաքոյթը բացուեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր աղօթքով։

Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց ներկաները եւ մանաւանդ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, անոր համար որ նորանուն դէմքեր փափաքած էին մասնակցիլ սոյն մտերմիկ հաւաքոյթին։

Հաւաքոյթը վարեց Մերի Թաքսի Տեվէճեան, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած այս ընդունելութեան համար։ Առաջին անգամ մանակցողներ ծանօթացուցին իրենց կատարած աշխատանքները եւ

տեղեկութիւն տուին իրենց պաշտօնավարած համալսարանական ճիւղերու մասին։

Նախ, Մենթի Մենթոր ծրագրի գործակից երիտասարդներ իրենց ծրագրած աշխատանքներու մասին ակադեմական դէմքերուն տեղեկութիւն փոխանցեցին եւ յայտնեցին, թէ ի պահանջել հարկին պիտի դիմէին իրենց բարոյական աջակցութեան, մանաւանդ յօգուտ Մենթիներու ծրագրուած դասախօսութեանց պարագային։ Մերի Թաքսի Տեվէճեան, անցեալ հաւաքոյթի մասին համառօտ տեղեկութիւններ փոխանցեց։

Առաջին անգամ մասնակիցներ իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին, անոր համար որ սոյն հաւաքոյթը առիթ ընծայած էր իրարու անծանօթ դէմքերու ծանօթացման։ Ներկաներ խորհրդակցեցան եւ առաջարկներ

ներկայացուցին, թէ ի՞նչ միջոցներով կրնային իրարու հետ մնայուն կապ հաստատել։

Նորին Ամենապատուութիւնը, յայտնեց, թէ մեծապէս ուրախացած էր ծանօթանալով ակադեմական նոր դէմքերու հետ, որոնց գիտական ներդրումը երկրի կրթական կեանքին, պատիւ կը բերէր մեր համայնքին։ 

Շնորհակալութիւն յայտնեց, որ իրենց սուղ ժամանակները տրամադրած էին Պատրիարքական Աթոռի երդիքին տակ միատեղուելու համար։

Հանդիպումը վերջ գտաւ Պատրիարք Սրբազան Հօր արտասանած աղօթքով։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın