İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՒՍՏՐԱԼԻԷՆ ՊԵՏՐՈՍ ԶՕՐԼՈՒԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 20 Սեպտեմբեր 2022, Երեքշաբթի, ժամը 15.00-ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Սիտնիի եկեղեցւոյ վարչայիններէն ու նոյնպէս նախկին Պոլսահայ՝ Պետրոս Զօրլուն։ Հանիպման ներկայ եղաւ նաեւ Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Յարգելի հիւրը, նախ փոխանցեց Աւսրտրալիոյ Հայոց Առաջնորդ՝ Բարձր. Տ. Հայկազուն Արքեպս. Նաճարեանի ողջոյնները եւ ապա յայտնեց, թէ՝ Պոլիս գտնուելու առիթը օգտագործելով փափաքած էր ներկայանալ Մեր Հոգեւոր Պետին եւ Իր օրհնութիւնը ստանալ։ Ան յայտնեց, թէ՝ համավարակի շրջանին ակամայ հեռու մնացած էր Պոլիսէն, սակայն այս տարի առիթ ունեցած էր կրկին անգամ այցելելու քաղաքս եւ հանդիպելու իր հարազատներուն։ Այս մէկը առիթ էր նաեւ, Պատրիարք Սրբազան Հօր ընտրութիւնը անձամբ շնորհաւորելու եւ Մեր Հոգեւոր Պետին փոխանցելու իր բարեմաղթութիւնները։ 

Հաճելի զրոյցի ընթացքին, յարգելի հիւրը Պատրիարքական Աթոռոյ նկատմամբ իր ակնածանքը յայտնեց ու Աւսրտալիոյ Հայոց Եկեղեցւոյ ազգային եկեղեցական կեանքի մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց։ 

Նորին Ամենապատուութիւնը, բարի գալուստ մաղթեց Զօրլուին։Ուրախութիւն էր նախկին Պոլսահայերու հետ Պատրիարքարանի հովանիին ներքեւ համախմբուիլը եւ եկեղեցական կեանքէ ներս իրենց ունեցած ներդրումներուն մասին լսելը։ 

Յարգելի հիւրը տարիներ շարունակ իր ծառայութեամբ, արդէն իսկ ծանօթ էր թէ՛ Սիտնիի եւ թէ՛ Պոլսոյ մէջ շատերուն եւ ուրախութիւն էր Պոլսոյ մէջի իր կեցութիւնը։ Մեր Հոգեւոր Պետը, այս առթիւ փոխանցեց իր օրհնութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց փափկավարական այցելութեան համար։

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın