İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔՈՒՐԱՆԻ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 19 Սեպտեմբեր 2022, Երկուշաբթի առաւօտ, ընդունեց Յարութիւն Քուրանի այցը։

Այցելու երիտասարդը տեղեկութիւն տուաւ անցեալ Օգոստոս ամսուան ընթացքին, Սրբազան Պատրիարք Հօր հրամանաւ ու օրհնութեամբ եւ Երիտասարդութեան եւ Մարմնամարզութեան Նախարարութեան գլխաւոր օժանդակութեամբ իրականացած Նաւասարդեան մարզական խաղերու մասին։ Գնալը Կղզիի մէջ աննախընթաց կազմակերպութեան մը աւարտին, աւելի քան 600 մարզիկներ ի մի համախմբուած էին եւ սոյն կազմակերպութիւնը առիթ եղած էր որ մշակութային ներկայացումներ եւս տեղի ունենան։ Յարութիւն Քուրան, կրկին անգամ յանուն բոլոր աշխատողներուն եւ կամաւորներուն, Սրբազան Պատրիարք Հօր շնորհակալութիւն յայտնեց իր հովանաւորութեան եւ քաջալերութեան համար։ Նման ծրագիր մը, առանց Պատրիարք Հօր օրհնութեան այսքան արդիւնաւոր պիտի չըլլար։ Ան, կատարուած աշխատութեան մասին խօսելով, Պատրիարք Հօր ներկայացուց ծրագրին ընդարձակ հաշուեկշիռը։ Բաց աստի յաջորդ ծրագիրներուն մասին խօսեցաւ Մեր Հոգեւոր Պետին եւ իրմէ ստացաւ հայրական թելադրանքներ։

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց տրուած տեղեկութեանց համար եւ յայտնեց, թէ՝ յատկապէս երիտասարդներուն ներդրումը շատ արժեքաւոր էր սոյն ծրագրի իրականացման մէջ։ Ինչպէս նաեւ Երիտասարդութեան եւ Մարմնամարզութեան Նախարարութեան եւս ներգրաւմամբ կազմակերպութիւնը հիւրընկալած էր պաշտօնական անձինք եւս։ Մեր Հոգեւոր Պետը, արդէն իսկ ծրագրի առաջին իսկ մէջ օրէն լսած էր՝ Յարութիւն Քուրանի, ինչպէս նաեւ իրեն ծառայակից Ռաֆֆի Քալքի եւ Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Յարութիւն Վարդապետի տեղեկութիւնները։ Յաջորդիւ անձամբ ներկայ եղած էր, թէ՝ բացման եւ թէ փակման հանդիսութեանց։ Տեսարանը հիանալի էր եւ առիթ ստեղծած էր որ բազմաթիւ անձեր, յատկապէս երիտասարդներ զուարճանան միատեղ։ Իսկ, այս բոլորի քաւարտին լաւ էր, որ խաղերու գլխաւոր կազմակերպիչներէն մին, փութացած էր Պատրիարքարան եւ ներկայացուցած՝ ծրագրի հաշուեկշիռը։ Մեր Հոգեւոր Պետը մաղթեց, որ ապագային նման ձեռնարկները կրկնուին եւ որպէս հետեւանք երիտասարդներ առիթն ունենան միասնական ժամանակ անցնելու։ Այս առումով յաջողութիւն մաղթեց իրեն։

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın