İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԿԱՐԳ ՄԵԾՆ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԷԼԻԶԱՊԷԹ Բ. ԹԱԳՈՒՀԻԻՆ ՀԱՄԱՐ

Մեծն Բրիտանիոյ հանգուցեալ Էլիզապէթ Բ. Թագուհիի հոգւոյն հանգստեան եւ յիշատակութեան համար 18 Սեպտեմբեր 2022, Կիրակի, յետ միջօրէին, Անգլիոյ Հիւպատոսարանի Ս. Հէլէն Մատրան մէջ միջեկեղեցական արարողութիւն մը կատարուեցաւ։

Արարողութիւնը կազմակերպուած էր Անկլիքան Եկեղեցւոյ քաղաքիս հոգեւոր հովիւ Իըն Շըրվուտ Վրդ.ի կողմէ եւ համագործակցութեամբ Անգլիոյ Ստանպուլի Հիւպատոսութեան։

Արարողութեան մասնակցեցան Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարք Հայրը, Հայոց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, Ասորւոց Պատրիարքական Փոխանորդ Գերշ. Մոր Ֆիլիւքսինոս Ս. Մետրոպոլիտը, Լատին Եկեղեցւոյ Պապական Փոխանորդ Մոնս. Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ Եպս.։ Մեր Հոգեւոր Պետին կ’ընկերանային Պատրիարքական Աթոռոյս միաբաններէն Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան եւ Լուսարարապետ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın