İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՆԱԽԱՐԱՐ ՍՈՅԼՈՒԻ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ՝ ՎԱՂԸ

Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի եւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներուն հանդիպումը նախատեսուած է վաղը առաւօտ։ Ինչպէս ծանօթ է, փոքրամասնական համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութեան հրապարակումէն վերջ յառաջացած հարցերը այս շրջանին պետական մարմիններու կողմէ ուշադրութեան առարկայ կը դարձուին ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Իսթանպուլի կուսակալութեան մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցած էր հանդիպում մը՝ ներքին գործոց փոխ-նախարար Մեհմէտ Էրսոյի մասնակցութեամբ։ Մեր համայնքին կողմէ այդ հանդիպման մասնակցած էին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ ի պաշտօնէ կը գլխաւորէ Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB)։ Այդ խորհրդակցութեան հրաւիրուած էր նաեւ ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր մարմնի անդամներէն տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։

Նախընթաց օրուան խորհրդակցութեան ժամանակ արդէն շեշտուած էր, որ առկայ հարցերու շուրջ ծաւալուն քննարկում մըն ալ ծրագրուած է Ներքին գործոց նախարար Սոյլուի հետ։ Ուրեմն, երէկ համայնքային շրջանակներէն ներս արդէն շրջանառութեան մէջ մտան զանազան տեղեկութիւններ, ըստ որոնց նախարար Սոյլուի հետ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներուն հանդիպումը նախատեսուած է վաղը, եթէ մետասաներորդ պահուն փոփոխութեան  մը առարկայ չդառնայ։

Կուսակալութեան խորհրդակցութեան բոլոր մասնակիցները յայտնած էին, թէ մեծ յոյս ունին Սոյլուի հետ տեսակցութենէն։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/9-09-2022-նախարար-սոյլուի-հետ-հանդիպումը՝-վաղը

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın