İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՆՈՐ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 8 Սեպտեմբեր 2022, Հինգշաբթի առաւօտ, ընդունեց Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան նոր նախագահ Փրոֆ. Անթոնիօ Ֆէյժոյի քաղաքավարական այցելութիւնը։

Յարգելի հիւրը յայտնեց, որ Եւրոպական հիմնարկութիւններու ժողովի մը մասնակցելու համար քաղաքս կը գտնուէր, փափաքած էր այդ առիթով այցելել Պատրիարքարան ու հանդիպիլ Նորին Ամենապատուութեան ու ծանօթանալ մեր Հոգեւոր Պետին, Պատրիարքական Աթոռին եւ հայ համայնքին: Ան, խօսեցաւ նաեւ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի ու Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի յարաբերութեանց մասին։

Նորին Ամենապատուութիւնը բարի գալուստ մաղթեց յարգելի հիւրին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական սոյն այցելութեան համար։ Յիշեց նախորդ երանաշնորհ Պատրիարքներու օրով Կիւլպէնկեան Հիմնարկի Պոլսոյ համայնքային կեանքին ունեցած ներդրումները, որուն նմաններուն իրականացման համար յոյս յայտնեց։ Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհաւորեց Փրոֆ. Անթոնիօ Ֆէյժոյի ստանձնած նոր պաշտօնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın