İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՄԵՐԳԸ ՄԻԱՒՈՐԵՑ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ Գնալը Կղզիի մէջ 9 Օգոստոս 2022, Երկուշաբթի, ժամը 21.00-ին, շարունակուեցաւ «Մենք ԵՐԳենք» խորագրեալ երիտասարդական համերգներու շարքը։ Կազդուրման Կայանի Գրիգոր Ճամպազեան խաղավայրին մէջ կրկին անգամ բեմ բարձրացան «փոփ» եւ «ռաք» երաժշտութեան հակում ունեցող տաղանդաւոր երիտասարդներ, որոնք մեծապէս ընդունելութեան արժանացան Կղզեբանակ ժողովուրդէն եւ յատկապէս երիտասարդ հասարակութենէն։

Հանդիսութեան ներկայ էր Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Տ.Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Կազդուրման Կայանի վարչութեան անդամները, երիտասարդներու ծնողներն ու հարազատները։ Սոյն համերգին մասնակիցներուն կարգին էին նաեւ յայտնի երաժիշտներ Պարթեւ Կարեան եւ Մաժակ Թօշիկեան։ Խաղավայրը լեցուն էր երիտասարդներով, որոնք մօտաւորապէս երկու ժամ տեւողութեամբ խանդավառութեամբ հետեւեցան երաժշտական յայտագրերուն։ Հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր Սեւան Աթաօղլուի եւ Արի Հէրկէլի աշխատութիւններով եւ հսկողութեամբ՝ Յարութիւն Վարդապետի։

Սոյն ծրագրին իրենց աջակցութիւնը բերին նաեւ Կղզեաց Քաղաքապետութիւնը, Մավի Մարմարա Ընկերութիւնը, Պատրիարքական Աթոռոյ Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբը, Կէտիքփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցին, Կղզեաց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին եւ Կազդուրման Կայանը եւ բարեգործական հաստատութիւններ ու բարեսէր անձինք։ 

Կարգաւ բեմ բարձրացան «Մանէ եւ Արէն Պանտ», «Նօ Սուրբրայզըզ» եւ «Սոլանում» խումբերը։ Այս խումբերը եւս կազմուած էին համայնքիս երիտասարդ անդամներուն կողմէ։ «Մանէ եւ Արէն Պանտ»ին կ՚անդամակցէին Մանէ Մատէն, Արէն Քօճապայ, Ալէն Զինզալ, Ալիք Աթաօղլու, Արթուն Արծիւեան։ «Նօ Սուրբրայզըզդին կ՚անդամակցէին Նօրա Տավուլճեան, Աքսէլ Չիւլէնօղլու, Արգեն Գէորգ Չիլինկիրօղլու եւ Շանթ Շէշէթեան։ Սոլանում խումբը որ, անցեալ շաբաթ բեմ բարձրացած էր, այս համերգին առթիւ կրկին անգամ բեմ բարձրացաւ, իրենց երաժշտութեան ուսուցիչ Արի Հէրկէլի առաջնորդութեամբ։ 

Խումբերը հանդէս եկան օտար եւ տեղական արդի երգերով։ Իսկ Հայերէն երգերու արդի մեկնաբանութիւնն ու ներկայացումը արդէն իսկ հրահրեց խանդավառութիւնը։ Իրենց երգեցողութիւնը մեծապէս ոգեւորիչ էր եւ բոլոր մասնակիցներ թէ՛ լսեցին եւ թէ՛ պարեցին միատեղ։ Հանդիսութեան ընթացքին, Սեւան Աթաօղլու ոգեւորիչ ելոյթներով ներկայացուց խումբերը եւ ներկաները հրաւիրեց խումբերը խրախուսելու։

Համերգի ընթացքին, իր պատգամը ուղղեց Յարութիւն Վարդապետ, եւ մեծապէս գնահատեց ներկայ երիտասարդները, ինչպէս նաեւ կազմակերպչական աշխատութեան մէջ կարեւոր ներդրում ունեցած իր գործակիցները՝ Սեւան Աթաօղլուն եւ Արի Հէրկէլը։ Յայտնեց որ, Պատրիարքական Աթոռն ու եկեղեցին, հովանաւորած է նաեւ «փոփ» եւ «ռաք» երաժշտութեան հակում ունեցող երիտասարդներու աշխատութիւնը, նկատի ունենալով որ ծրագիրը կը նպատակէ երիտասարդներու միութիւնը հաստատել եւ երիտասարդներուն իրենց եղբայրնարուն ու քոյրերուն հետ միատեղ զուարճալի դաշտ մը պատրաստել։ Խօսքերէն յետոյ, Հայր Սուրբը, մասնակից երիտասարդներուն յանուն Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր բաշխեց յուշանուէրներ։

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ խմբանկարով։

Photo: Bolis Photo

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın