İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԵՍՐՈՊ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԱՆՈՒԱՆ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԱԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

Հրամանաւ ու օրհնութեամբ՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր, 15 Օգոստոս – 18 Օգոստոս 2022 թուականներու միջեւ, Կազդուրման Կայանի Գրիգոր Ճամպազեան խաղավայրին մէջ տեղի պիտիունենայ «Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի անուան մարմնամարզական փառատօն»ը։ Սոյնկազմակերպութիւնը, առաջին անգամ 2019ին իրականացած էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւԿազդուրման Կայանի գործակցութեամբ եւ այս անգամ կազմակերպուած երկրորդ փառատօնովկազմակերպութիւնը պիտի ստանայ աւանդական փառատօնի մը փնոյթը։ 

Փառատօնին ներգրաւուած են ճատրակի, ոտնագնդակի, վոլէյպոլի, պասքէթպոլի, սեղանի թէնիսի, մարզանքի մարզերը։ Այնուհետեւ, 10-16 տարեկան պատանիներ, որոնք փափաքն ունին խաղերունմասնակցելու, (2006-2012 թուականներուն ծնած) ամենէն ուշ մինչեւ 12 Օգոստոս 2022, պէտք էդիմեն Կազդուրման Կայան։ Փառատօնին բացման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ 15 Օգոստոս, Երկուշաբթի, իսկ փակումը՝ 18 Օգոստոս, Հինգշաբթի։ 

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın