İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ՍԱՒԱՌՆԵՑԱՒ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՎՐԱՅ 

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ Գնալը Կղզիի մէջ 2 Օգոստոս 2022, Երեքշաբթի, ժամը 21.00-ին, տեղի ունեցաւ երիտասարդական համերգ մը։ «ՄենքԵՐԳենք» կոչուած երաժշտական երեկոյթներուն շարքը Կազդուրման Կայանի ԳրիգորՃամպազեան խաղավայրին մէջ շարունակեց եւ այս անգամ բեմ բարձրացան «փոփ» եւ «ռաք» երաժշտութեան հակում ունեցող տաղանդաւոր երիտասարդներ։ 

Հանդիսութեան ներկայ էր Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը, իր կողքին ունենալովԿղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը, Իշխանաց Կղզեաց Ս. ԳրիգորԼուսաւորիչ եւ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներէն անդամներ, Կազդուրման Կայանի վարչութեան անդամները, ինչպէս նաեւ երաժշտասէր երիտասարդներ։Հանդիսութիւնը instagram հարթակի վրայ ուղիղ սփռուեցաւ նաեւ Պատրիարքական Աթոռոյս«lraper_online» կայքէջէն։ Հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր Սեւան Աթաօղլուի եւ Արի Հէրկէլիաշխատութիւններով եւ հսկողութեամբ՝ Յարութիւն Վարդապետի։ 

Հանդիսութեան սկիզբը ողջոյնի խօսք արտասանեց Սեւան Աթաօղլուն եւ սոյն կազմակերպութեանիրականացման առթիւ իր ուրախութիւնը յայտնեց։ Այս առթիւ, նախ շնորհակալութիւն յայտնեցԱմենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր՝ իր հովանաւորութեան համար, ինչպէս նաեւ նիւթապէսեւ բարոյապէս համերգի իրականացման մէջ իրենց ներդրումը ունեցած բոլորհաստատութիւններուն եւ անհատներուն։ Յաջորդիւ, բեմ հրաւիրեց «Պակաս» եւ «Սօլանում» խումբերու անդամները։ «Պակաս» խումբի անդամներն էին. Ալէն Զնզալ, Ալէք Ատիս Քըլըչեան, ԱլիքԱթաօղլու, Արթուն Արծիւեան եւ Լիա Վարդանեան: Իսկ «Սօլանում» խումբը, որուն ուղեցոյցն էերաժշտութեան ուսուցիչ՝ Արի Հէրկէլ, կազմուած էր հետեւեալ երիտասարդներէ. Ալէքս Էշմէզօղլու, Ալէքսանտրա Տատեան, Ալիք Աթաօղլու, Արաս Մեսրոպեան, Լիլիան Աւիթօղլու, Մարալ Էսքիճիեան, Տեսիլ Գարա ու Թալիա Թուր: 

Մեր Հոգեւոր Պետը, այս առթիւ երիտասարդներուն մօտենալով իր օրհնութեան խօսքը ուղղեց ուերիտասարդներու ներկայութեամբ պարզուած տեսարանը մեծապէս գնահատեց։ ՊատրիարքՀայրը, համայնքային կեանքէ ներս երիտասարդներուն կարեւորութիւնը շեշտելով, յայտնեց որ մերվարժարաններու մէջ ուսանող երիտասարդները, յայտնի էր, թէ՝ գիտութեան առընթեր զինուած էիննաեւ երաժշտական ճաշակով։ Աշակերտներ, այսօր աւելի բարձր բեմ մը կը բարձրանային, բան մըոր արդար հպարտութեան առիթ էր։ 

Ուրախութիւն էր նաեւ երաժիշտ երիտասարդներուն առընթեր աշխատող այլ երիտասարդներ եւստեսնելը։ Ուստի Մեր Հոգեւոր Պետը, գնահատեց սոյն հանդիսութեան մէջ իրենց ներդրումը ունեցածբոլոր անձերը եւ երիտասարդներուն յաջողութիւն մաղթեց։ Գնահատեց նաեւ երիտասարդներըմարզող ուսուցիչները, ինչպէս նաեւ իրենց ընտանիքները։ Իր խօսքերու աւարտին, Մեր ՀոգեւորՊետը յուշանուէրներ յանձնեց «Պակաս» եւ «Սօլանում» խումբերու անդամներուն, ինչպէս նաեւՍեւան Աթաօղլուի եւ Արի Հէրկէլի։

Յաջորդիւ բեմ բարձրացաւ նախ «Պակաս» եւ ապա «Սօլանում» խումբերը եւ արդիականերաժշտութենէն նմոյշներ ներկայացուցին։ Երաժշտական երգացանկին մէջ օտար  եւ տեղականարդի երգերուն առինթեր տեղ գտած էր նաեւ Հայերէն երգեր, որոնց երգեցողութիւնը մեծընդունելութիւն գտաւ ներկաներու կողմէ։ Կազդուրման Կայանի խաղավայրը լի էրերիտասարդներով, որոնք համերգին առաջին պահէն սկսալ մինչեւ աւարտը մեծխանդավառութեամբ հետեւեցան հանդիսութեան։

Յիշեցնենք, որ երիտասարդական երկրորդ համերգը տեղի պիտի ունենայ 8 Օգոստոս 2022, Երկուշաբթի, ժամը 21.00-ին, կրկին Կազդուրման Կայանի Գրիգոր Ճամպազեան խաղավայրին մէջ։ 

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın