İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԵՑԱԻ ԱՌԼԷՆ ՏԷՄԻՐՀԱՆԻ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՄԲ

Ընկերային ցանցերու վրայ, 27 Յուլիս 2022, Չորեքշաբթի հրապարակուած լուրի մը համաձայն, Սկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ անդամներէն Առլէն Տէմիրհան, յարձակման ենթարկուած ըլլալովվիրաւորուած էր։ 

Առ այդ, յանուն Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր, Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, հեռախօսով կապ հաստատեց ենթակայի մօր՝ Արշալոյս Տէմիրհանի հետ եւյանուն Սրբազան Պատրիարք Հօր ցաւ յայտնելով, դէպքի եւ ենթակայի առողջութեան վիճակինմասին տեղեկութիւններ ստացաւ։ Բաց աստի, Տէր Հայրը փոխանցեց, որ՝ Պատրիարք Հայրըդէպքին իրազէկ դառնալէ յետոյ, համայնքիս անդամներէն միոյն հետ առընչուած այս դէպքովհետաքրքրուած էր։

Ըստ Տիկին Արշալոյսի փոխանցած տեղեկութեանց, դէպքը պատահած էր 22 Յուլիս 2022, Ուրբաթ, Սկիւտար՝ Ֆըսթըքաղաճըի մէջ։ Փողոցային վիճաբանութիւն մը պատճառ եղած էր բախումի, որմէյետոյ չորս հոգի յարձակած էին Առլէնին։ Յաջորդիւ, վիրաւորեալ երիտասարդը փոխադրուած էրհիւանդանոց եւ այստեղ ենթարկուած՝ դարմանումի։ Մինչ այդ, ոստիկանութիւնը միջամուխ եղած էրդէպքին եւ վկաներու արտայայտութեանց հետեւելով արդէն իսկ յարձակողներէն մինձերբակալուած է։ 

Դէպքին կապակցութեամբ Ապահովութեան պատկան մարմիններ կը շարունակեն իրենցհետախուզական աշխատանքները։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın