İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԵՐԷԿ ԺՈՂՈՎ ՄԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԹԵՔՆԻՔ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՉԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ

Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ հրապարակուած նոր կանոնադրութեան զուգահեռ՝ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներէն ներս նախապատրաստական աշխատանքները աստիճանաբար թափ կը ստանան իրենց վարչական խորհուրդներու ընտրութիւններու կազմակերպման ուղղութեամբ։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ ալ այս խնդիրը ներկայիս առաջնահերթութիւն է։ Համայնքային շրջանակները հետզհետէ կը ջանան նոր կանոնադրութիւնը մարսել եւ այդ հիման վրայ գործնական քայլերու ձեռնարկել։

Ինչպէս հաղորդած էինք, երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ համապատասխան օրակարգով ժողով մը տեղի ունեցաւ։ Սա թէեւ սահմանափակ թիւով մասնակիցներու խորհրդակցութիւն մըն էր, սակայն, խորքին մէջ շատ կարեւոր է։ Արդարեւ, ընտրութիւններու կազմակերպման վերաբերեալ թեքնիք ենթագետինը ձեւաւորելու առաջադրութեամբ խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ՝ թէ՛ վարչայիններու, թէ՛ մասնագէտներու եւ թէ իրաւաբաններու ներկայութեամբ։ Այսինքն, երկար տարիներ ընդհատուած ընտրական գործընթացը վերակենդանացնելու ճանապարհին միտքեր համադրելու եւ նոր կանոնադրութեամբ պայմանաւորուած համակարգը հնարաւորինս իրատես պատկերացնելու ճանապարհին կարեւոր աշխատանք մըն էր այս մէկը։

Երէկուան խորհրդակցութեան կապակցութեամբ այս առաւօտ հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրի հետ։ Ըստ իր բացատրութիւններուն, երէկուան ժողովին մասնակցած են Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Էօզչելիք, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Սարվէն Սերթշիմշէք, Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդէն Նուրհան Փալաքօղլու, իրաւաբան Սեդրակ Տավութհան, համայնքէն ներս առցանց կապի փորձառու դէմքերէն Յովհաննէս Կիւլ եւ Ֆէրիգիւղի ընտանիքէն Արթօ Նալճը, որ տեղական ընտրական յանձնաժողովներուն մէջ ունի լուրջ փորձառութիւն։

Ըստ Մանուկ Էօղէրի, ընտրութիւններու կազմակերպման ուղղութեամբ ներկայիս ամենահրատապ գործը ընտրողներու ցուցակներու արդիականացումն ու կատարելագործումն է։ Այժմ մեր բոլոր վաքըֆները նախ պէտք է կատարելագործեն, ընդհանուր վերատեսութեան մը ենթարկեն իրենց տեղական ընտրացուցակները։ Վերջին անգամ 2019 թուականի պատրիարքական ընտրութեան ժամանակ ընտրացուցակներու վրայ աշխատանք տարուած էր։ Այդ շրջանէն ի վեր 18 տարեկանը լրացնելով ընտրելու իրաւունք շահածներով պէտք է վերամշակուին ցուցակները։ Բոլոր թաղային խորհուրդները կամ մատակարար մարմինները սեփական ցուցակները կատարելագործելու եւ սեփական ընտրական մարմինները կազմելու առընթեր այս անգամ պէտք է մտածեն նաեւ այդ բոլորի համադրութեան մասին, որովհետեւ նոր կանոնադրութեամբ շրջանային դրութիւն մը պիտի հաստատուի։ Իւրաքանչիւր վաքըֆ իր ընտրողներու ցանկը եւ ընտրական մարմնի թեկնածուները նախ պիտի ներկայացնէ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան հաւանութեան։ Այդ հաւանութենէն վերջ է, որ տուեալ վաքըֆի ընտրական մարմինը պաշտօնական կարգավիճակ ստանալով շրջանառութեան մէջ պիտի մտնէ։ Ընտրողներու ցանկերու պարագային ալ այս անգամուան կատարելագործումը նախորդներու բաղդատմամբ աւելի տարբեր մօտեցում մը պիտի պահանջէ։ Արդարեւ, ի տարբերութիւն նախորդ անգամներէ, այս անգամ պատկան մարմինները կը պահանջեն յստակ իմանալ ընտրողներու բուն բնակութեան հասցէները։ Ըստ ընտրաշրջաններու՝ ընտրողներու կամ թեկնածուներու բաժանման պարագային այլընտրանքային հասցէները նկատի պիտի չառնուին։

Այս բոլորի լոյսին տակ, Մանուկ Էօղէր մեզի յայտնեց, որ ընտրողներու ցուցակներու կատարելագործման հարցը այս փուլին առաջնահերթ ու կենսական է։ Նկատի ունենալով, որ այս ամբողջ աշխատանքը Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան Իսթանպուլի պատկան մասնաճիւղերուն հետ պիտի համակարգուի՝ այժմ արդէն հաղորդակցութեան տեսանկիւնէն ալ կատարելագործումներ կը նախատեսուին՝ գործը հաստատութենական ձեւով յառաջ տանելու համար։ Մեր վաքըֆներու միջեւ կապը ընդհանրապէս վարիչներու անձնական ելեկտրոնային հասցէներու միջոցաւ կ՚ապահովուի։ Այժմ, անհրաժեշտ է, որ իւրաքանչիւր հաստատութեան պարագային մասնաւոր հասցէ մը ներկայացուի պատկան մարմիններուն։

Ատենապետ Մանուկ Էօղէր համոզուած է, թէ պատկան մարմիններուն հետ աշխատանքը փուլ առ փուլ պիտի հասունացուի եւ այսպէսով պիտի յստականան նաեւ շրջանային հիմունքով ընտրական համակարգի առանցքները, ընտրազանգուածի տեղաբաշխումով հանդերձ։ Էօղէր յոյս յայտնեց, թէ ամէն ինչ տեղը տեղին ընտրութեան երթալ կարելի պիտի ըլլայ։

Երէկուան ձեւաչափին մէջ աշխատանքները պիտի շարունակուին։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/26-07-2022-ֆէրիգիւղի-մէջ-երէկ-ժողով-մը-տեղի-ունեցաւ-համայնքային

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın