İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆ ԴԷՄՔԵՐՈՒ ՀԵՏ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 19 Յուլիս 2022, Երեքշաբթի, ժամը 19.00-ին Պատրիարքարանի մէջ հանդիպում ունեցաւ զանազան համալսարաններու մէջ պաշտօնավարող Հայ ակադեմական դէմքերու հետ։ Ինչպէս ծանօթ է Նորին Ամենապատուութիւնը համավարակի ազդեցութեան նուազման յաջորդող օրերուն զանազան համայնքային մարմիններու վարիչներուն հետ ունեցած էր շարք մը հանդիպումներ։ Այս անգամ փափաքած էր ծանօթանալ Հայ ակադեմական դէմքերու հետ, որոնք պատուաբեր դիրքերու վրայ կը գտնուին եւ որպէս դասախօսներ իրենց ներդրումը կը բերեն Թուրքիոյ բարձրագոյն կրթութեան համակարգէն ներս։ Հանդիպումին ներկայ էր Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր աղօթքով բացուած հանդիպումը կազմակերպուած էր Պատրիարքական Աթոռի Հայ Մենթի Մենթոր ծրագրի պատասխանատուներ՝ Մերի Թաքսի Տեվէճեանի եւ Արաս Եոլուսեվէրի կողմէ։ Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց ներկաները եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ Պատրիարքարանի երդիքին տակ այսպիսի հանդիպում մը իրականացած էր։ Հաւաքոյթը վարեց Փրօֆ. Տքթ. Թորոս Ալճան, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած այս ընդունելութեան համար։

Հանդիպման կազմակերպիչները տեղեկութիւն փոխանցեցին, թէ ինչպէս կրցած էին հասնիլ մերազն ակադեմական դէմքերու եւ կապ հաստատել անոնց հետ։ Ապա ներկաներ մի առ մի ծանօթութիւններ տուին իրենց ուսումնական կեանքի, ակադեմական աշխատանքներու մասին եւ բոլորը շնորհակալութիւն յայտնեցին, անոր համար որ իրարու անծանօթ դէմքերու ծանօթացման համար լաւ առիթ մը ընծայուած էր։

Նորին Ամենապատուութիւնը, որպէս հուսկ բանք սոյն հանդիպումին յայտնեց, թէ մեծապէս ուրախացած էր ծանօթանալով Հայ ակադեմական դէմքերու հետ, որոնց արձանագրած յաջողութիւնները նախ երկրի կրթական կեանքին դրական ներդրումներ ըլլալով կը յիշատակուէին, ապա՝ պատիւ կը բերէին մեր համայնքին։ Յոյս յայտնեց, որ նման հանդիպումներ աւելի թիւով մասնակիցներով իրականանան եւ մեր վարժարաններու յատկապէս բարձրագոյն կարգի աշակերտները ճանչնան իրենց արժէքները եւ ներշնչուին անոնց յաջողութիւններուն ծանօթանալով։

Նորին Ամենապատուութեան արտասանած «Պահպանիչ» աղօթքով վերջ գտաւ հանդիպումը։

Հանդիպման մասնակիցներ առաջարկեցին, որ ակադեմական դէմքեր որոնք կը փափաքին ծանօթանալ Նորին Ամենապատուութեան եւ այլ ակադեմական դէմքերու հետ, կրնան Պատրիարքարանի haybaddivan@gmail.com հասցէի միջոցաւ կապ հաստատել։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın