İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆՉԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՏՆՕՐԷՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէն՝ Զաւէն Խանճեան եւ կողակիցը՝ Սոնա Խանճեան, ընկերակցութեամբ Կետիկփաշայի Հայ Աւետարանական Ժողովարանի Հովիւ՝ Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուի, 18 Յուլիս 2022, Երկուշաբթի, ժամը 11.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ։

Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Աթոռոյս Միջեկեղեցական Բաժնի Տեսուչ՝ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։ 

Յարգարժան հիւրը նախ շնորհաւորեց Նորին Ամենապատուութեան ընտրութիւնը, քանի որ համավարակի պատճառաւ չէր կրցած այցելել եւ անձամբ շնորհաւորել։ Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ընդունելութեան համար։

Գոհունակութեամբ անդրադարձաւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հիմնարկութեան 175ամեակին առթիւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած  հանդիսութեան եւ երախտիքով յիշեց, թէ Գերշ. Տ. Նաթան Ս. Արքեպս. Յովհաննիսեանի միջոցաւ հասած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնաբեր պատգամը, ինչպէս նաեւ Նորին Ամենապատուութեան շնորհաւորականը ընկալուած էին հոգեւոր ուրախութեամբ։

Նորին Ամենապատուութիւնը անգամ մը եւս շնորհաւորեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ 175ամեակը եւ ընդգծեց մերօրեայ պայմաններուն մէջ Սուրբ Գիրքի քարոզութեան կարեւորութիւնը, քանի որ մեր ապրած ժամանակներուն մարդիկ երբեմն Սուրբ Գիրքի նկատմամբ մերժողական կեցուածք որդեգրելը սխրագործութիւն կը նկատեն։ Անդրադարձաւ, որ Սուրբ Գիրքի պատրաստակամութեամբ ընկալման ժամանակներուն մեր ժողովուրդը օրհնուելով օրհնուած է։ Մաղթեց, որ հաւատքով հրաշքներ ապրած մեր պապերուն օրինակը ընդգրկելով շարունակենք մեր Քրիստոնէական հաւատքի կեանքը։

Տիար Խանճեան, նաեւ անդրադարձաւ Թուզլայի Քամփ Արմէնի վերակառուցման ծրագրին եւ յայտնեց, թէ կ՚ակնկալէին Նորին Ամենապատուութեան բարոյական աջակցութիւնը եւ օրհնութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց, թէ հաստատութեան իրաւատէրը Հայ Աւետարանական համայնքն էր եւ քանի որ հաստատութիւնը առանց դաւանական խտրութեան պիտի օգտագործուէր Հայ համայնքի անդամներու կողմէ, կատարուած աշխատանքը կ՚արժանանար Պատրիարքական Աթոռի եւ Հայ Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսարանի հետաքրքրութեան։ Նաեւ յայտնեց, թէ թելադրութիւններ ըրած էր կատարելի նուիրահաւաքման՚ ինչպէս նաեւ մատակարարութեան եւ վարչութեան համար մշակելի ծրագիրներու մասին։

Տիար Խանճեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց, թէ այսպիսի նպատակի մը իրագործման համար միջհամայնքային հասկացողութիւն մը գոյացած էր։

Նաեւ ընդգծեց, թէ Պոլսոյ մէջ կար միջեկեղեցական առողջ յարաբերութիւններ, որոնց արդիւնքը եղած էր Թրքերէն, Հայերէն եւ Անգլերէն լեզուներով հրատարակուած Քրիստոնէութեան Հիմնական Սկզբունքները պարունակող գիրքը, որուն նմանը ցարդ չէ տեսնուած։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս գիրքերէն, ինչպէս նաեւ իր հեղինակած «Երկու Ուխտաւոր» գիրքէն օրինակներ։

Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին ընծայուած հիւրասիրութեան եւ երկխօսութեան համար եւ հրաժեշտ առին Նորին Ամենապատուութենէն։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın