İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԿԷՏ ՄԸ…

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Էրտողան-Փաշինեան հեռախօսազրոյցը նոր իրավիճակ մը ստեղծած է։ Ըստ էութեան, գագաթնային այս շփումով կարելի է հիմնական հետեւութիւն մը ընել։ Թէ՛ Թուրքիա եւ թէ Հայաստան կողմնակից չեն, որ այս փուլին զուտ ձեւական ընկալուի իրենց ձեռնարկած բնականոնացման գործընթացը եւ անոր ապագային նկատմամբ յոռետեսութիւն կամ թերահաւատութիւն յառաջանայ։ Կայ նաեւ ուրիշ ուշագրաւ կէտ մը։ Եթէ մինչեւ այսօր յատուկ ներկայացուցիչներու իրերայաջորդ բոլոր հանդիպումներէն վերջ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն մէջ մատնանշուած էր, որ գործընթացը առանց նախապայմաններու յառաջ կը տարուի, ապա Էրտողան-Փաշինեան զրոյցէն վերջ այդպիսի շեշտադրում մը չէ կատարուած։ Զրոյցի բովանդակութեան վերաբերեալ կատարուած պաշտօնական հաղորդումները թէեւ շատ սահմանափակ են հեռահար հետեւութիւններ ընելու համար, սակայն, ըստ երեւոյթին, բան մը պարզ է։ Անգարա եւ Երեւան հետզհետէ կ՚ընտելանան այս բնականոնացման գործընթացին, որոշ չափով կը պատկերացնեն իրարու առաջնահերթութիւնները ու որոշ չափով կը ներթափանցեն իրարու հետապնդած նպատակներուն։

Այսինքն, Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման որոնումներուն մէջ խաղի կանոնները աստիճանաբար կը յստականան եւ գործընթացն ալ հետզհետէ աւելի իրատես հունի մը մէջ կը դրուի։ Իրատեսութիւնը անհրաժեշտ նախապայման է նոր յուսախաբութիւններէ կամ նոր փակուղիներէ խուսափելու համար։

http://www.jamanak.com/content/օրակարգի-նիւթերը/13-07-2022-ուշագրաւ-կէտ-մը…

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın