İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ս. ՊԵՏՐՈՍ ԵՒ Ս. ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒՄ ՀԱԹԱՅԻ ՄԷՋ

Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ օրացոյցին համաձայն, Ս. Պետրոս եւ Ս. Պօղոս Առաքեալներու տօնը այս տարի 29 Յունիս 2022, Չորեքշաբթի, նշուեցաւ մեծ հանդիսութեամբ։ 

Նկատի ունենալով անցեալ տարիներու համավարակի սահմանափակումները, Հաթայի Ս. Պետրոսի Քարայրին մէջ տօնախմբութիւնը տեղի ունեցաւ աւելի մեծ բազմութեան ներկայութեամբ։ Յիշեալ քարայրը այն տեղն է, ուր Տէր Յիսուս Քրիտոսի հետեւորդները առաջին անգամ անուանուեցան «Քրիստոնեայ»։

Օրթոտոքս եւ Լատին եկեղեցիներու համագործակցութեամբ կազմակերպուած տօնախմբութեան յանուն Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր, մասնակցեցաւ Հաթայի եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ եւ Գաւառի տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Մասնակցեցան նաեւ Լիբանանի Ս. Եղիա Վանքէն Կոստանդին Քէյյալ Եպս. եւ Էֆթիմոս Վրդ., շրջանի քաղաքներու օրթոտոքս եկեղեցիներու հովիւները, յանուն Լատին Եկեղեցւոյ՝ Վատիկանի Լիազօր Դեսպան Մոնս. Մարէք Սոլժինսքի, Անատոլուի Առաքելական նուիրակ Մոնս. Պաոլօ Պիզէթթի, շրջանի քաղաքներու հոգեւորականներ։

Տէր Հայրը մասնակցեցաւ խաղաղութեան աղօթքներուն եւ փոխանցեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ողջոյնները։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın