İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԱՆՏԻԼԼԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 23 Յունիս 2022, Հինգշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Գանտիլլի Ս. Երկոտասան Առաքելոց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, առաջնորդութեամբ այցելու հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Այցելուներ յայտնեցին, որ եկած էին թէ գողտրիկ եկեղեցւոյ զանազան նորոգութեան աշխատանքներու մասին խորհրդակցելու եւ թէ անուան տօնախմբութեան առթիւ Նորին Ամենապատուութեան հովանաւորութիւնը խնդրելու։

Մեր Հոգեւոր Պետը իր ուրախութիւնն յայտնեց այժմ հայաթափուած Գանտիլլի պատմական ու գողտրիկ եկեղեցւոյ համար եղած սոյն այցելութեան համար եւ ունկնդրեց տրուած տեղեկութիւնները։ Պատրիարք Հայրը մեծապէս գնահատեց հեռաւոր եկեղեցւոյ պայծառութեան համար եղած ամէն ջանք եւ սիրով խոստացաւ հովանաւորել ու խանդիսապետել այս տարուան Ս. Երկոտասան Առաքելոց տօնախմբութեան, որ կը համընկնի 16 Յուլիս, Շաբաթի։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermen

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın