İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՓՈՔՐԻԿին երկինքէն զոյգ-զոյգ խնձորներ ինկան

Հեքիաթահաւաքը իր աւարտին հասաւ: ՓՈՔՐԻԿ հեքիաթարանի կողմէ կազմակերպուած մանկական հեքիաթներու հաւաքին 6 երկիրէն 39 գրող 50 հեքիաթով մասնակցեցաւ:Հեքիաթները պայծառ լուսապատկեր մը ստեղծեցին իրենց զանազան եւ հաճելի նիւթերով։

ՓՈՔՐԻԿ Հեքիաթահաւաքին մասնակցող գրիչներուն կէսը Պոլիսէն է, իսկ միւս կէսը՝ Երեւանէն, Պէյրութէն, Աթէնքէն, Կիպրոսէն եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն։ 

Գրեթէ հաւասար թիւով մասնակցեցան պատանիներ եւ չափահասներ։ Այս պատճառով ալ, մասնակիցները երկու խումբի բաժնուեցան՝ «պատանի գրիչներ» եւ «չափահաս գրիչներ»։ Խնձորներու թիւն ալ երեքէն վեցի բարձրացաւ եւ իւրաքանչիւր գրիչ 125 տոլար մրցանակի արժանացաւ։ Նաեւ յատուկ մրցանակներ բաշխուեցան։

Մեծ ու պզտիկ քով-քովի

Չափահաս գրիչներէն մրցանակի արժանացան Անի Աբիկեան (Աթէնք), Սիւզան Բռնալեան(Պոլիս) եւ Գարին Գոչ (Պոլիս)։ Պատանի գրիչներէն մրցանակի արժանացան Մերի Աւագեան(Երեւան), Տեսիլ Էրմէն (Պոլիս) եւ Լենա Սարըօղլու (Պոլիս)։ 

Հեքիաթաքաղը նաեւ որոշեց «յատուկ մրցանակներ» բաժնել։ Չափահաս գրիչներէն Յատուկ Մրցանակի արժանացան Աւետիք եւ Թամարա Գասպարեան (Երեւան), Պօղոս Եղիազար(Երեւան) եւ Արմինէ Մուրատեան (Երեւան)։ Իսկ պատանի գրիչներէն Յատուկ Մրցանակի արժանացան Տեսիլ Էրմէն (Պոլիս), Լարին Թոք (Պոլիս) եւ ԱՄՆ Մասաչուսեթսէն Ճիաննա Ալեքսանտրեան, Կարէն Թոքաթլեան եւ Սելինա Փափազեան՝ իրենց միասնաբար գրած հեքիաթով:

Ընթերցում եւ որոշում

Հեքիաթաքաղերը, այսիքն Հեքիաթահաւաքին աշխատակազմի անդամներն էին՝ մանկական գիրքերու հեղինակ Անահիտ Սարգիսեան, Երեւանի «Խնկօ Ապոր» մանկական գրադարանի հեքիաթի բաժնի վարիչ Իսկուհի Աւետիսեան, Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի գործադիր տնօրէն Թամար Թիւֆէնկճան, Պոլսոյ մէջ հայերէնի ուսուցչուհի ու Փոքրիկի խմբագրական կազմի անդամ Մարի Գալայճը, Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ տնօրէն Մարի Կիւլիւմեան եւ Լիբանանահայ բեմադրիչ Սէրուժ Յովսէփեան, որոնք նախ բծախնդրօրէն ընթերցեցին բոլոր հեքիաթները ու յետոյ ժողովներ գումարելով որոշեցին մրցանակի արժանացող հեքիաթները:

Յառաջիկայ ամիսներուն մրցանակակիր հեքիաթները պիտի հրապարակուին ՓՈՔՐԻԿ կայքէջին մէջ:  

ՓՈՔՐԻԿ ՀԵՔԻԱԹԱՐԱՆ՝ Հիմնուած է 2014 թուականին  Պոլսոյ մէջ եւ մինչեւ այսօր հրապարակած է 150-է աւելի հեքիաթներ՝ արեւմտահայերէնով։ ՓՈՔՐԻԿին բոլոր հեքիաթներըկը պատրաստուին 4-7 եւ 8-11 տարիքի երեխաներուն համար։ Այս հեքիաթներուն իւրաքանչիւրը գունաւոր շարժուն պատկերներով կը զարդարուի եւ կը ձայնագրուի:

www.pokrig.org

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın