İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՍՈՐԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ՄԵՏՐՈՊՈԼԻՏՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը 25 Մայիս 2022, Չորեքշաբթի, ժամը 16.30-ին ընդունեց Ստանպուլ եւ Անգարայի Ասորի Ուղափառաց Հոգեւոր Առաջնորդ՝ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոր Ֆիլիւքսինոս Եուսուֆ Չէթին Սրբազան Մետրոպոլիտն ու Մարտին եւ Տիյարպաքըրի Ասորի Ուղափառաց Առաջնորդ՝ Մոր Ֆիլիւքսինոս Սալիպա Էօզմէն Սրբազան Մետրոպոլիտը։ Ընդունելութեան ներկայ էր Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Միջեկեղեցական գետնի վրայ Պատրիարքական Աթոռի եւ քոյր դաւանակից Ասորի Ուղափառ Եկեղեցւոյ հետ առկայ է եղբայրական բարւոք յարաբերութիւններ։ Արդէն իսկ Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացման առթիւ Մոր Ֆիլիւքսինոս Սալիպա Էօզմէն անձնապէս մասնակցած էր արարողութեանց, իսկ Մոր Ֆիլիւքսինոս Եուսուֆ Չէթին՝ ուղարկած՝ շնորհաւորական ու բարեմաղթական պատգամ։

Նորին Ամենապատուութիւնը եւ հիւր սրբազան մետրոպոլիտները ունեցան սիրալիր հանդիպում եւ աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ զրուցեցին երկու եկեղեցիներու յարաբերութեանց եւ ընդհանրապէս աշխարհը յուզող հարցերու մասին։ Մաղթեցին, որ խաղաղ համակեցութեան գլխաւոր ազդակը՝ իրերհասկացողութիւնն ու իրարու նկատմամբ սէրն ու յարգանքը տիրապետէ համայն աշխարհի մարդկութեան սրտերէն ներս։

Նորին Ամենապատուութիւնը իր ուրախութիւնը յայտնեց, թէ առիթ մը եւս ներկայացած էր մէկտեղուելու։ Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին ընծայուած հիւրասիրութեան համար եւ հրաժեշտ առնելով մեկնեցան։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın