İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.Արամ Ա. Դամասկոսի մէջ. Վեհափառ հայրապետը ընդունուած է նախագահ Ասատի կողմէ (Լուսանկար) 

Նշենք, որ Սուրիան հարուածած պատերազմի ամենածանր օրերուն իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւ անձամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը միշտ ալ զօրավիգ կանգնած են Սուրիոյ պետական համակարգին ու նաեւ Սուրիոյ նախագահ Ն.Վ. Տօքթ. Պաշշար Ասատին։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը  այսօր այցելութիւն մը տուած է Սուրիոյ մայրաքաղաք՝ Դամասկոս եւ ընդունուած Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ն. Վ. Պաշշար Ասատին կողմէ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց «Սանա» գործակալութիւնէն։

 Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են Սուրիոյ այսօրուան իրավիճակը ու նաեւ Սուրիահայութեան դիմագրաւած հիմնախնդիրները։

Հանդիպման ներկայ եղած են Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետի գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները՝ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Մասիս եպս. Զօպույեան, Սուրիոյ Խորհրդարանի հայ անդամ Ժիրայր Ռէիսեան, Լիբանանի Խորհրդարանի անդամ, ՀՅԴ Ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի , ինչպէս նաեւ ազգային գործիչներ։

 Նախագահ Ասատ, ինչպէս կը նշէ «Սանա»ն կարեւորած է սուրիական հայրենիքին դերը եւ շեշտը դրած Սուրիոյ մէջ հաստատուած փոքրամասնութեանց հայրենաշէն դերակատարութեան վրայ։ 

 Ասատ նաեւ ըսած է, որ Սուրիան որպէս երկիր ու հայրենիք այն վայրն է, ուր համերաշխօրէն կ՚ապրին ու կը գործեն բոլոր փոքրամասնութիւնները միեւնոյն ժամանակ պահպանելով, իրենց ազգային յատկանիշներն ու մշակութային տարբերութիւնները։

Նշենք, որ Սուրիան հարուածած պատերազմի ամենածանր օրերուն իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւ անձամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը միշտ ալ զօրավիգ կանգնած են Սուրիոյ պետական համակարգին ու նաեւ Սուրիոյ նախագահ Ն.Վ. Տօքթ. Պաշշար Ասատին։

https://arevelk.am/articles/n-s-o-t-t-aram-a-damaskvosi-mej-vehaphar-hayrapety-yndvounvouats-e-nakhagah-asati-kvoghme-lvousankar?fbclid=IwAR1LOe06kBpxhAq8N3o3_h1KGKrj_uLEPdd09pD96vwSx-ajfZJoPJu12jA#.Yoztjq14m9E.facebook

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın