İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԶԵԿՈՅՑ – ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ

Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ գումարուած ՊատկառելիԿրօնական Ժողովը, 13 Մայիս 2022 թուականի ԻԸ. նիստին նկատի ունեցաւ ՊատրիարքականԱթոռոյ եւ Գանատայի Հայոց Թեմի հոգեւորականաց դասերու նախկին անդամ Արժ. Տ. Եղիա ԱւագՔահանայ Քէրվանճեանի պարագան։

Ժողովական հայրերը նկատի ունենալով, թէ ենթական կամաւորապէս ամուսնալուծուած էր, առանցնկատի առնելու այդ մասին իրեն եղած թելադրութիւնները, միաձայնութեամբ որոշեցին զինքըկարգալուծեալ յայտարարել եւ դասել աշխարահականաց կարգը իր աւազանի Ռուբէն անունով։

ԴԻՒԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ

24 Մայիս 2022

13161

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın