İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՏԱՐԻՒԼԱՃԷԶԷԻ ՆՈՐ ՀԱՄԱԼԻՐԻ ՀԻՄՆԱՐԿԷՔ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 20 Մայիս 2022, Ուրբաթ, յետ միջօրէին մասնակցեցաւ  Համազգային Անկելանոցի՝ «Տարիւլաճէզէ»ի նոր եւ ընդարձակ համալիրի հիմնարկէքի արարողութեան։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ կատարուած հանդիսութեան մասնակցեցան նաեւ Ստանպուլի միւֆթի Փրօֆ. Տքթ. Սաֆի Արփակուշ, Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարք Հայրը եւ այլ բազմաթիւ հիւրեր։

Ելոյթով մը հանդէս եկաւ նախագահ Էրտողան, որ դիտել տուաւ, թէ այս կառոյցը ծառայութիւն կը մատուցէ անխտիր բոլորին։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın