İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵՈԼՃՈՒ ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 20 Մայիս 2022, Ուրբաթ երեկոյ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Եոլճու թատերախումբի վարիչները եւ Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախուբի վարիչ Յակոբ Մամիկոնեանը։

Յիշեալ խումբը երկար ատենէ ի վեր Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի համալիրի Որդւոց Որոտման Եկեղեցի – Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Մշակոյթի Կեդրոնին մէջ կը բեմադրէ Կոմիտաս Վրդ.ի մասին թատերախաղը։ Անցեալ շաբաթ մեր Հոգեւոր Պետը ներկայ եղաւ բեմադրութեան։

Հիւրերը, քաղաքավարական սոյն այցելութեամբ փափաքած էին ծանօթանալ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր հետ, շնորհակալութիւն յայտնել իրեն եւ առնել մեր Հոգեւոր Պետին կարծիքն ու տպաւորութիւնները խաղի մասին։ Այցելուները մեր Հոգեւոր Պետին զեկուցեցին իրենց ծրագիրներուն մասին։

Նորին Ամենապատուութիւնը նախ շնորհաւորեց այցելուները, որոնք սովորականէն դուրս մեկնաբանութեամբ մը պատրաստած էին թատերախաղը՝ մօտ մէկ ու կէս ժամուան մենախաղը դիտողներու խոր գնահատանքին կ՚արժանանայ։ Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ համայնքի հոգեւոր կեդրոնին ու Հոգեւոր Պետին տրուած գեղեցիկ այցելութեան համար, հայրական թելադրութիւններ ըրաւ եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց մշակութանուէր գործունէութեանց մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın