İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 17 Մայիս 2022, Երկուշաբթի, ընդունեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց երէց՝ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեանի  գլխաւորութեամբ, Թաղային Խորհուրդի  ատենապետ Սիմոն Չէքէմը եւ անդամներէն Պէրին Տայանը։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Հիւրերը տեղեկութիւններ տուին իրենց կատարած ընկերային օժանդակութեանց մասին եւ Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրեցին յառաջիկայ Հոգեգալուստի տօնին եկեղեցւոյ տօնախմբութեան։

Մեր Հոգեւոր Պետը խոստացաւ նախագահել Հոգեգալստեան տօնի արարողութեանց։

Այցելուները շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան ցուցաբերած ընդունելութեան համար։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın