İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԷՆ Ս. ԶԱՏԿԻ ԸՆԹՐԻՔ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 15 Մայիս 2022, Կիրակի, մասնակցեցաւ Պէշիկթաշի Քաղաքապետի սարքած ընթրիքին։

Քաղաքապետ Ռըզա Աքփոլատ Ս. Զատկի առթիւ հրաւիրած էր քաղաքիս քրիստոնեայ բոլոր յարանուանութեանց հոգեւոր պետերը ընթրիքի սեղանի շուրջ համախմբուելու։ Ներկայ էին նաեւ Քաղաքապետի խորհրդականները։

Պէշիկթաշի Քաղաքապետը իր ուրախութիւնը յայտնեց քրիստոնեաներու Ս. Զատկին առթիւ ընթրիքի սեղանի շուրջ համախմբուելու համար եւ բոլոր մասնակիցներուն խորին շնորհակալութիւն յայտնեց։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın