İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ա.Մ.Ն.ՈՒ ԴԵՍՊԱՆԻ ՏԵՂԱԿԱԼԻ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 16 Մայիս 2022, Երկուշաբթի առաւօտ, ընդունեց Ա.Մ.Ն.ու Դեսպանի տեղակալ Սքոթ Ուուտքիրքի այցելութիւնը, ընկերակցութեամբ Ստանպուլի Աւագ Հիւպատոս Տարիա Տէրնըլի եւ Քաղաքական Գործոց Հիւպատոս Քէվըն Մօսսի։

Մեծայարգ Դիւանագէտը եկած էր ծանօթանալու համար Թուրքիոյ Հայ համայնքի հոգեւոր կեդրոնին՝ Պատրիարքարանին եւ Նորին Ամենապատուութեան։

Մեր Հոգեւոր Պետը ինչ ինչ տեղեկութիւններ փոխանցեց Ստանպուլահայ համայնքի, Հայ Եկեղեցւոյ ու Պատրիարքական Աթոռոյ մասին։

Մեծայարգ Հիւրը Նորին Ամենապատուութենէն հրաժեշտ առնելէ ետք, Թանգարանի Տնօրէն Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանի կողմէ առաջնորդուեցաւ Կոլոտ Պատրիարքի անուան թանգարան, ուր շրջելով տեղեկութիւն առաւ ցուցադրուած գոյքերու մասին։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın