İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԱՐՏԻՆԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ ՔԱՂԱՔԱՎԱՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ Պատրիարք Հայրը, որ Տէրիքի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ արարողութեանց նախագահած էր, 10 Մայիս 2022, Երեքշաբթի, ժամը 14.00-ին քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Մարտինի Կուսակալութեան եւ ընդունուեցաւ Կուսակալ Մահմուտ Տէմիրթաշի կողմէ։

Նորին Ամենապատուութիւնը կուսակալութեան պատուոյ տոմարը ստորագրելէ յետոյ Կուսակալ Տէմիրթաշի հետ տեսակցեցաւ պաշտօնարանին մէջ։

Ընդունելութեան ներկայ էին Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Եպս. Յակոբեան եւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Կուսակալ Տէմիրթաշ հիւրերուն բարի գալուստ մաղթեց եւ յայտնեց, թէ զիրենք Մարտինի մէջ հիւրընկալելը իրեն համար գոհունակութիւն կ՚առթէր։ Անդրադարձաւ, թէ Մարտին քաղաքը ծանօթ է որպէս վայր իրերհանդուրժողութեան եւ տարբեր լեզուներու ու կրօններու պատկանող ժողովուրդներու խաղաղ համակեցութեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց, գտնուած ըլլալով բազմերանգ մշակութային մասնայատկութեամբ ծանօթ Մարտինի մէջ։

Մեր Հոգեւոր Պետը ի յիշատակ այս այցելութեան մեծայարգ կուսակալին նուիրեց փայտեայ պտղաման մը, պատրաստուած հայ վարպետներու կողմէ։ Իսկ Կուսակալ Տէմիրթաշ Նորին Ամենահպատուութեան նուիրեց գեղեցիկ ծաղկաման մը։

Նուէրներու փոխանակումէն յետոյ մեր Հոգեւոր Պետը շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ջերմ ընդունելութեան համար հրաժեշտ առաւ Մեծայարգ Կուսակալէն։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın