İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅԸ «ԿԸ ՄԵՂԱԴՐԷ» ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ. ԻՍԿ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԼՈՒՌ ԵՆ

Մասնաւորապէս Արցախի 44-օրեայ պատեարզմէն վերջ անվստահութեան մեծ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ։ Այդ անվստահութիւնը մի միայն Հայաստանի ներքին կեանքին մէջ չէր, այլ նաեւ բազմաբովանդակ առումով կը տարածուէր մինչեւ սփիւռքի ամենահեռաւոր ափերը։ Սփիւռքահայը, նոյնիսկ ամենէն բարդ վիճակներու մէջ, իր աւուր սեւ հացը ապահովող հացը, չմոռցաւ իրեն բաժին ինկած «պարտք»ը կատարել ու մասնակցեցաւ հայրենիքին օգնութեան հասնելու մեծ առաքելութեան։

Առկայ հռետորաբանութիւնը, իրականութիւնները չգիտնալու ու ընդհանուր տեսարանը ճիշդ չգնահատելու հիմնահարցը ողջ հայութիւնը դէմ յանդիման դրին մեծ հիասթափութիւններու, որոնք մինչեւ օրս ալ կը շարունակուին ու մեծ հաշուով Հայաստանի եւ Արցախի հանդէպ առկայ մեծ մտավախութիւնները տակաւին չեն փարատած։

Ստեղծուած այս դրութեան մէջ, մինչ կարգ մը սփիւռքահայ շրջանակներ կը շարունակեն հայրենանուէր իրենց գործունէութիւնը եւ զանազան միջոցներ գործի դնելով անոնք կը փորձեն հասնիլ՝ մասնաւորապէս վիրաւոր Արցախին, անդին արդէն իսկ հասունութեան կ՚երթայ նոր ընկալում մը, ըստ որուն Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները պէտք է դրուի նոր եւ կայուն հիմքերու վրայ։

Ի՞նչ է Հայաստանի ակնկալութիւնը եւ ատոր դիմաց ի՞նչ հիմքերով պիտի գործէ հայկական սփիւռքը ու ամենակարեւորը, որոնք են այն «կարմիր գիծեր»ը եւ սահմանները, որոնք պէտք է յարգուին երկու կողմերուն կողմէ։

Այս առումով, անշուշտ, աւելի քան մտահոգիչ է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ սփիւռքի մասին զանազան առիթներով արտայայտած միտքերը, թէ ինք որպէս պետական գլխաւոր գործիչ կամ առաջնորդ այդքան ալ հետաքրքրուած չէ սփիւռքի աւանդական կառոյցներու կարծիքներով ու տեսակէտներով, իրեն համար Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու եզրագիծը կը գծուի պարզապէս «խաղ»ին մասնակից դարձնելով անոնք, որոնք տակաւին «հմայուած» են իր անունով ու գործունէութեամբ։ Անշուշտ, այս մօտեցումով անկեղծ չէ Փաշինեան, որովհետեւ այս գոռոզ յայտարարութիւններէն ետք քանի-քանի առիթներով «դիմեց» սփիւռքի նոյն այն մարմիններուն, որոնց մասին ժխտական տեսակէտներ արտայայտած էր։ Անոր միտումները եւ խնդիրներու տիրապետելու «բաժնէ, որ տիրես» ձեւաչափերը տակաւին կրնան շարունակուիլ, հակառակ անոր, որ սփիւռքի ամենատարբեր խաւերուն եւ շերտերուն մօտ իր անուան եւ իր վարչակարգին հանդէպ անվստահութեան մեծ եղանակ մը ստեղծուած է։

Այս բոլորը մէկդի դնելով ու հասկնալու համար, թէ այսօրուան սփիւռքի ամենատարբեր ունակութիւններու եւ կարողականութեանց տէր անձիք ի՛նչ կը մտածեն ստեղծուած վիճակներուն մասին եւ ինչ լուծումներ կ՚առաջադրեն, որպէսզի Հայաստանի հանդէպ առկայ մօտեցումները եւ Հայաստանի կողմէ սփիւռքին հանդէպ մինչեւ օրերս ներկայ մօտեցումները վերախմբագրումի ենթարկուին, ընթերցողներուս կը ներկայացնեմ այս նիւթերու մասին ստորագրուած յօդուած մը, որուն հեղինակը բաւական սրտցաւ բողոքով մը իր հիասթափութիւնը շարադրելէ ետք կ՚առաջարկէ վերատեսութեան ենթարկել այդ յարաբերութեանց խորքն ու մեքենականութիւնները։ Իր «Հայաստան-սփիւռք հեռանկարներ – Ո՞ւր ե՞նք, ո՞ւր պիտի ըլլային եւ ո՞ւր կ՚երթանք» խորագրեալ յօդուածով ամերիկահայ մտաւորական տքթ. Յակոբ Այնթապլեան կը գրէ։

*

Հսյաստանի անկախութենէն ի վեր, Հայաստանի պետութիւնը սփիւռքահայը նկատեց օտարերկրացի եւ ոչ հայ: Ուստի հայ չնկատուեցան 7-8 միլիոն սփիւռքահայութիւնը որպէս հայութեան հիմնական մասնիկը, այլ ոչ հարազատ տարր , որ կը շարունակուի մինչեւ օրս: Հայաստանի պետութիւնը հայ կը նկատէ միայն Հայաստանի հողին վրայ ծնածներն ու ապրողները, ինչ որ հիմնականօրէն սխալ մօտեցում մըն է:

Ի՞նչ իմաստ ունի «Հայաստան բոլոր հայերու հայրենիքն է» կամ «Աշխարհի վրայ 10-11 միլիոն հայ կ՚ապրի» արտայայտութիւնը, երբ Հայաստան չապրող հայերու ոչ մէկ իրաւասութիւն կը տրուի պետական պաշտօններ ստանձնելուն մէջ, կամ ազգային հիմնարար որոշումներու մասնակից դառնալու առընթեր։

Սփիւռքահայը ի՞նչ կարգավիճակ ունի Հայաստանի, կամ մեր երկրի պետական կառոյցին համար:

Երեսուն տարիէ ի վեր Հայաստանի վարչակարգը, հակառակ տարբեր Հայաստան-սփիւռք համաժողովներու, սփիւռքահայերու ներկայացուցչական օրինական պաշտօն չտրամադրեց։

Անտրամաբանական եւ ոչ ողջամիտ անձի խօսք է, երբ Հայաստանի ներկայ օրէնքներով «Եկէք ձեր հայրենիքը» կ՚ըսուի։

Սփիւռքահայուն «Իր հայրենիք»ի համապատասխան օրէնքներ չկան Հայաստանի մէջ:

Անհրաժեշտ է սփիւռքահայերու համար՝

1- Հաստատել Ազգային ժողովի զուգահեռ 50-60 սփիւքահայերէ բաղկացած ներկայացուցչական պալատ, որոնք մասնակից դառնան խորհրդարանի գործունէութեան։

2- Այս ներկայացուցչական պալատի միջոցով նախարարութիւններու մէջ սփիւռքի գործօն ներկայացուցիչներ ներգրաւուին։

3- Սոյն պալատի եւ նախարարութիւններու միջոցով ուսումնասիրուին այն մարզերը, որ սփիւռքը իր ներուժը պիտի տրամադրէ Հայաստանի վերելքի ապահովութեան, ինքնաբաւ գոյատեւման, արդի ռազմականացման եւ հայրենատիրութեան համար։

Հայաստանի անցեալ երեսուն տարիներու իրերայաջորդ վարչակարգերը ձախողած են եւ ներկայիս կը շարունակեն ձախողիլ, սփիւռքի կարողականութիւնն ու ներուժը Հայաստանի հզօրացման ամրապնդման եւ բարօրութեան տրամադրելու գործընթացին մէջ։ Սակայն, Հայաստան դժբախտաբար շարունակեց իր ոչ արդիւնաւէտ, սխալ եւ ինքնագլուխ գործունէութիւնը։

Հայաստան պէտք է համահայկականօրէն կառավարուի եւ համահայկական նպատակներ իրագործելու ուղղուածութիւն մը ունենայ:

Անցեալ եւ ներկայ վարչակարգերու գործունէութիւններէն դժբախտաբար այդ գործնական ընթացքը չտեսանք, հակառակ շռայլ խոստումներու։

Ժամանակն է որ Հայաստան համահայկական հեռանկարի օրէնքներ հաստատէ, որպէսզի սփիւռքահայը հարազատութիւն զգալով իր հայրենիքի հանդէպ հայրենադառնայ կամ իր ներուժը տրամադրէ հայրենիքին, «Հայաստանը բոլոր հայերու հայրենիքն է» սկզբունքի վրայ հիմնուած։

Երկու Արցախեան պատերազմներու հողային, նիւթական եւ մարդկային կորուստները հաւանաբար չէին իրականանար, եթէ սփիւռքի նեկայացուցիչներ ըլլային Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ։ Արցախ թիզ մը հող չէր կորսնցներ, Հայաստանի եւ Արցախի բնակչութիւնը կ՚աւելնար, երկիրը տնտեսական, գիտական, գիւղատնտեսական, ստեղծագործական եւ արդիւնաբերական թռիչք կ՚ապրէր, նաեւ ապիկար ու անկարող անձիք պետական գլխաւոր պաշտօններ չէին զբաղեցներ։

Հայաստանի պետութիւնն ու բնակչութիւնը հոգեմտաւոր բարեփոխումի պիտի ենթարկուի եւ ազգային գաղափարախօսութեամբ համահայկական վարչակարգի օրէնքներ հաստատէ Հայաստանի մէջ, որպէսզի սփիւռքահայն ու հայաստանաբնակ հայը հարազատ զգան եւ հայրենատիրութեան եւ երկրի բարգաւաճման նոյն ոգեւորութեամբ, թափով գործեն ու նուիրուին։ Ներկայ օրէնքներով սփիւռքահայը ոչ հարազատ տարր է իր «Հայրենիքին» մէջ: Իրաւասութիւն չէ տրուած էական հարցերու եւ որոշումներու մասնակցելու։ «Եկէք երկիրը զարգացուցէք կամ ներդրում ըրէք» արտայայտութիւնը ընելէ առաջ սփիւռքահայը պիտի արժեւորուի, գնահատուի եւ Հայաստանի օրէնքները իրեն պիտի յարմարեցուին որպէս հայ:

Անցեալին եւ նեկայիս Հայաստանի իշխանութիւնները իրենց ստեղծած օրէնքներով անտեսեցին եւ արհամարհեցին սփիւռքահայութիւնը եւ պետական կառուցակարգին մասնակից չդարձուցին։

Արդարացում չկայ նման «հաւնոցային» մտածելակերպի եւ աթոռապաշտութեան, որուն հետեւանքով Հայաստանը մնաց թոյլ, տկար, անկազմակերպ եւ համազգային ներուժը չօգտագործած՝ պարտուեցաւ եւ նուաստացաւ…

Եթէ երեսուն տարի սփիւռքը իր մասնակցութիւնը բերած ըլլար իր ներկարացուցիչներով Ազգային ժողովի եւ նախարարութիւններու մէջ, ո՜չ քառօրեայ եւ ո՜չ ալ 44-օրեայ պատերազմը կը պատահէր:

Եթէ Հայաստանն ու իր վարչակարգը սփիւռքահայը չարժեւորէ եւ գործօն մասնակից չդարձնէ ազգային որոշումներուն, հիասթափեցնելով կը հեռացնէ զայն եւ կը կորսնցնէ Հայ ազգի 50 առ հարիւրէ աւելի ներուժը եւ որպէս հետեւանք ոտնակոխ կը դառնայ ազէրի ասպատակութեան:

Հայաստան պէտք է հրաժարի իր «հաւնոցային» մտածելակերպէն եւ աշխարհատարած սփիւռքահայը նկատէ իր մասնիկը եւ քաղաքացիութիւն շնորհելով անոր ներգրաւէ ազգակերտման եւ հայրենատիրութեան գործունէութեան մէջ։

Ազգահաւաք, համախմբութիւն ու համագործակցութիւն պիտի ըլլայ հայուն օրակարգը։

Սփիւռքի մէջ Միացեալ խորհուրդ կազմելը անհրաժեշտ չէ այս նպատակը իրագործելու համար:

Հայութեան ապագայ յաջողութիւնը մէկ էական սկզբունքի վրայ պիտի հիմնուի, որ սփիւռքահայն ու հայաստանահայը նոյն իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները ունին հայութեան եւ հայրենիքի հանդէպ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

http://www.jamanak.com/content/հարթակ/7-03-2022-սփիւռքահայը-«կը-մեղադրէ»-հայաստանի-իշխանութիւնները-իսկ-իշխանութիւնները-լուռ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın