Թուրքիա Հայաստան յարաբերութեանց բնականոնացման ընթացքի ներկայացուցիչ Աւագ Դեսպան Սերտար Քըլըճ 22 Փետրուար 2022, Երեքշաբթի, ժամը 14.00-ին Պատրիարքարան քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ եւ հանդիպում ունեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հետ։ Մեծայարգ Դեսպանին կ’ուղեկցէր Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի Ընդհանուր Տնօրէնութեան Գրասենեակի նախագահ Այշէ Ուզէր։ Հանդիպումին ներկայ եղան Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Հանդիպումի ընթացքին մեծայարգ հիւրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց Հայաստանի ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբէնեանի հետ ունեցած առաջին հանդիպումին կապակցութեամբ եւ յոյս յայտնեց երկու երկիրներու համար ալ դրական զարգացումներու գետինը պիտի պատրաստուի բնականոնացման գործընթացի ճանապարհին երկկողմանի առնուած առողջ քայլերով։
Նորին Ամենապատուութիւնը նախ իր ուրախութիւնը արտայայտեց տրուած այցելութեան համար եւ մաղթեց, որ յաջողութեամբ պսակուի մեծայարգ հիւրին ստանձնած դիւանագիտական առաքելութիւնը։ Մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ թէ կը քաջալերէր Թուրքիա Հայաստան յարաբերութեանց բնականոնացման գործընթացըև Ընդգծեց, թէ եւ լաւ դրացութեան յարաբերութիւնները ո՛չ միայն երկու երկիրներու հայրենակիցներուն, այլ նաեւ՝ շրջանի երկիրներուն համար եւս խաղաղութեան եւ անդորրութեան միջավայր մը պիտի ստեղծէր, ինչպէս նաեւ շրջանային տնտեսական, ընկերային ու մշակութային զարգացումներուն դուռ պիտի բանար։
Աւագ Դեսպան Սերտար Քըլըճ շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան, որ այս հանդիպման առիթ ընծայեց։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun