İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՔՈՎԻՏ 19-ՀԱՄԱՎԱՐԱԿԷՆ ԱԶԴՈՒԱԾ

Այսու կը տեղեկացնենք, թէ Թուրքիոյ Հայոց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը, որ քանի մը օրէ ի վեր տկարութիւն կը զգար, 13 Յունուար 2022, Հինգշաբթի, դիմած է Քովիտ 19-ի քննարկման, որուն արդիւնքը եղած է «դրական»։

Նորին Ամենապատուութիւնը որ նախապէս երկու անգամ պատուաստուած էր, նոյն օրը Պատրիարքարանի իր յարկաբաժնին մէջ սկսած է բոլորել մեկուսացման շրջանը։ Մեր Հոգեւոր Պետին առողջական վիճակը կը գտնուի բժշկական հակակշռի տակ եւ որեւէ մտահոգիչ վիճակ չի պարզեր։

Այս պարագային Նորին Ամենապատուութեան հետ հանդիպումները բնականաբար

առկախուած են ցնոր տնօրինութիւն։

Առ ի զգուշացում Պատրիարքարանի գրասենեակները ցնոր տնօրինութիւն փակուած

են աշխատանքի։ Խորհրդակատարութեան Արձանագրութեան գրասենեակը կը գործէ

09.00-12.00 ժամերուն միջեւ։

ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın