İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՒԵՏԻՍԸ ՏՐՈՒԵՑԱՒ

Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Ճրագալոյցին մեր եկեղեցիներուն մէջ ՍուրբՊատարագի մատուցմամբ կատարուեցաւ նախատօնակի արարողութիւն։ 

5 Յունուար 2022, Չորեքշաբթի երեկոյ մեր եկեղեցիներու մէջ կատարուած երեկոյեանժամերգութիւններէն եւ մարգարէական գիրքերու ընթերցումէն յետոյ, ի ժամ Ս. Պատարագիզանգերու ղօղանջները աւետեցին Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը։ 

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, Ֆերիգիւղի Ս Վարդանանց բարեզարդեալ եկեղեցւոյ մէջարարողութեանց նախագահեց։ Ս. Պատարագը մատոյց Եկեղեցւոյ Երէց՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը Տէրունական աղօթքէն առաջ քարոզեց։

Իսկ յաւարտ Ս. Պատարագի, Վարդանանց Դպրաց Դասու անդամներ մեր Հոգեւոր Պետըառաջնորդեցին եկեղեցւոյ շրջափակը, ուր կատարուեցաւ հանդիսաւոր նախատօնակ։

Նոյն առթիւ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան՝ Սկիւտարի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ մէջարարողութեանց հանդիսապետեց եւ քարոզեց։ Սուրբ Պատարագը մատոյց Եկեղեցւոյ Երէց՝ Արժ. Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր, Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան՝ Ենիգիւղի Ս. Աստուածածին, Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան՝Թաքսիմի Ս. Յարութիւն, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան՝ Թօփգաբուի Ս. Նիկողայոս, իսկԳաւառի Տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան՝ Իսքէնտէրունի Ս. Քառասուն Մանկունքեկեղեցիներուն մէջ Ս. Պատարագ մատուցին եւ քարոզեցին։ Իսկ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան արարողութեանց հանդիսապետեց եւ քարոզեց Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյմէջ, ուր Սուրբ Պատարագը մատոյց Եկեղեցւոյ Երէց՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քհնյ. Տամատեան։

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın