İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՖԵՐԻԳԻՒՂԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ

Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցին, որ բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ պաշտամունքի փակուած էր, 4 Յունուար 2022, Չորեքշաբթի, ձեռամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։ 

Արարողութեան մասնակցեցան Պատրիարքական Աթոռոյս միաբան հայրեր, քահանայից դասու անդամներ, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ դպիրները։ Արարողութեան ներկայ եղան նաեւ Ատենապետ Մանուկ Էօղէրի գլխաւորած Ֆերիգիւղի Թաղային Խորհուրդի անդամները, ինչպէս նաեւ Շիշլիի Քաղաքապետ Մուամմէր Քէսքին, իր խորհրդականը՝ Սելինա Տօղան։ Քորոնա համավարակի սահմանափակումներուն պատճառաւ արարողութիւնը կատարուեցաւ փոքրաթիւ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։ 

Ժամը 16.00-ին, Նորին Ամենապատուութիւնը, ժամանեց Ֆերիգիւղ եւ դիմաւորուեցաւ հոգեւորականաց եւ եկեղեցւոյ պատասխանատուներու կողմէ։ Ապա, եկեղեցւոյ մուտքին կատարուեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւն, որմէ յետոյ ներկաներ մուտք գործեցին բարեզարդեալ եկեղեցին։ Արարողութեանց երգեցողութիւնները կատարուեցաւ ներկայ հոգեւորականներու եւ դպիրներու կողմէ։ Արտասանուած նաւակատիքի արարողութեան աղօթքներէն յետոյ, Նորին Ամենապատուութիւնը Սրբալոյս Միւռոնով օծեց Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ աւագ խորանն ու պահարաններու Ս. Սեղանները, ինչպէս նաեւ մկրտութեան աւազանը։ 

Օծման արարողութենէն յետոյ, Նորին Ամենապատուութեան նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն։ 

Արարողութեան աւարտին Պատրիարք Հայրը քարոզեց եւ ուրախութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ մէջ կատարուած բարեզարդման աշխատանքներու կապակցութեամբ։ Պատրիարք Հայրը նախ շեշտեց հայերուս եկեղեցասիրութիւնը, յատկապէս Պոլսահայերուն այս մասին իւրայատկութիւնը։ Մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ, որ Տիրոջ տան հանդէպ սէրը կու գայ Տէր Յիսուսէն, որ տասներկու տարեկանին երբ տաճար տարուեցաւ, ինք այնտեղ մնաց եւ ըսաւ թէ իր Հօրը տունն էր։ Այս առումով եկեղեցիները մաքուր եւ ներկայանալի պահելը բոլորիս վերապահուած պարտականութիւն մըն է։

Մեր Հոգեւոր Պետը ապա վեր առաւ Ֆերիգիւղի Թաղային Խորհուրդի գործունէութիւնը եւ յայտնեց թէ յարակից մարմիններով խոհեմաբար կը հսկեն Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ եւ թաղի Մերամէթճեան Վարժարանին։ 

Իր խօսքերու աւարտին, Պատրիարք Հայրը յայտնեց թէ՝ Ս. Ծննդեան սեմին եկեղեցին կը վերաբացուէր եւ յատկապէս այս շաբթուան ընթացքին բարեզարդուած եկեղեցւոյ կամարներուն տակ առաւել եւս լսելի պիտի դառնային աղօթքը, շարականը եւ փառաբանութիւնը։ 

Արարողութիւնը, իր աւարտին հասաւ, միասնաբար արտասանուած Տէրունական Աղօթքով եւ վերջին օրհնութեամբ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın