İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՎԵՐՋԻՆ ՕԾՈՒՄ ԵՒ ԹԱՂՈՒՄ ՀՈԳԵԼՈՅՍ Տ. ՏԻՐԱՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՌԷԻՍԵԱՆԻ

Պատրիարքական Աթոռոյս քահանայից դասու աւագ սերունդի անդամներէն Արժ. Տ. Տիրան Աւ. Քհնյ. Ռէիսեանի վերջին օծման եւ թաղման արարողութիւնները տեղի ունեցան 4 Յունուար 2022, Երեքշաբթի, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր։

Արարողութեանց իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Պատրիարքական Աթոռոյս միաբանութիւնն ու հոգեւորականաց դասու անդամներ, սարկաւագներ ու դպիրներ։ Յանուն Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքի՝ արարողութեան մասնակցեցաւ Բրշ. Վարնավաս Կրիկորիատիս Սարկաւագ եւ փոխանցեց Նորին Սրբութեան ցաւակցութիւնները։

Ս. Պատարագը մատոյց հանգուցեալի օծակից՝ Արժ. Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Աթոռոյս սարկաւագաց դասու անդամները։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Արմաշ Դպրաց Խումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի։

Յընթացս Ս. Պատարագին հանգուցեալ Տէր Հօր դագաղը հոգեւորականներու կողմէ ատեանէն բերուեցաւ Ս. Խորան, ուր տեղի ունեցաւ Վերջին Օծման Կարգը, ձեռամբ՝ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոսի։

Յաջորդաբար Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հայրը դամբանախօսեց «Ուր որ ես եմ, այնտեղ պէտք է ըլլայ նաեւ իմ ծառաս» (Յովհաննէս 12.26) բնաբանով։ Տէր Յիսուս Քրիստոսի գտնուած տեղին Տիրոջ տունը ըլլալու պարագան շեշտելով, Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ թէ Աստուծոյ այս համեստ ծառան իր Տէրն ու Փրկիչը գտաւ Եկեղեցւոյ մէջ։ Մանկութենէն ի վեր ծառայեց եկեղեցւոյ եւ օր մը եկաւ Տիրոջ լուծը վերցնելու իր ուսերուն վրայ։ Ան եղաւ նաեւ Աստուծոյ խօսքին ծառայողը։ Անդրադառնալով Տ. Տիրան Աւ. Քհնյ.ի կեանքին, վեր առաւ իր ծառայասիրութիւնն ու խաղաղասիրութիւնը։

Նորին Ամենապատուութիւնը ցաւակցեցաւ Հանգուցեալ Տէր Հօր երէցկնոջ, դուստրերուն, ամբողջ ընտանիքին, ինչպէս նաեւ իր հոգեւորական եղբայրներուն եւ համայն հաւատացեալ ժողովուրդին ու մաղթեց, որ Տէրը նոր մշակներ հանէ իր անդաստանին համար։

Վերջին Օծման կարգէն յետոյ, Ս. Պատարագը շարունակուեցաւ եւ հոգեւորականներ երկիւղածութեամբ համբուրեցին հոգելոյս Տէր Հօր օծեալ ճակատն ու աջը։ Ապա ատեանին կեդրոնը՝ Տէր Հօր դագաղին շուրջ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանի գլխաորութեամբ հոգեւոր հայրեր արտասանեցին աղօթքներ, կատարեցին սուրբգրական ընթերցումներ։

Յաւարտ Ս. Պատարագի ելքի թափօրին հանդիսապետեց Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Հանգուցեալ Տէր Հօր դագաղը կ՚ընթանար շարականներու երգեցողութեամբ, Ս. Աւետարանի ընթերցմամբ, սաղմոսներով եւ աղօթքներով։ Հաւատացեալ ժողովուրդը տամկացած աչքերով կը հետեւէր արարողութեան։

Թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Էտիրնէգաբուի Ազգային Գերեզմանատան մէջ, որուն հանդիսապետեց Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Պատրիարքական Աթոռոյս վաստակաշատ հոգեւորականին մարմինը ամփոփուեցաւ իր ընտանեկան դամբարանին մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın