İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՄԱՆՈՐԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ ԴՐՍԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

2022 նոր տարին մեր եկեղեցիներուն մէջ դիմաւորուեցաւ գոհաբանական աղօթքներով եւ Ս. Պատարագով։ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 1 Յունուար 2022, Շաբաթ առաւօտ, Ամանորի Ս. Պատարագին նախագահեց Գումգաբու Դրսի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ մէջ։

Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ Արապեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Էրճան Սրկ. Քարափէքմէզ, Բրշ. Գրիգոր Սրկ. Սամուէլեան, ուրարակիրներ եւ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան թաղի Վառվառեան Դպրաց Դաս-Երգչախումբի եւ քոյր դպրաց դասերու անդամներու կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Բրկ. Յովսէփ Ուր. Դպ. Գույումճեանի։ Ներկայ եղաւ նաեւ Արժ. Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Նորին Ամենապատուութիւնը նախ շնորհաւորեց նոր տարին եւ բարեմաղթանքներ ըրաւ, ապա խօսեցաւ մեր ապրած ժամանակի եւ վայրի գաղափարի մասին։ Անդրադառնալով յատկապէս վայրի կարեւորութեան, մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ, որ Գումգաբու Դրսի եկեղեցին իրեն համար մասնաւոր տեղ ունի եւ այս պատճառաւ կը փափաքի ամէն ամանորի Ս. Պատարագին այստեղ ըլլալ, քանի որ անցեալին հովուական պաշտօն վարած է հոս։

Ապա շարունակեց ըսելով, «Ամանոր եւ նման օրեր լաւ առիթներ են, որ մտածենք թէ ի՞նչ է կեանքը։ Ինչպէս Տէր Յիսուս կ’ըսէ, ամենաթանկագին բանն է կեանքը։ Հարցը հետեւեալն է. ի՞նչ կ’արժէ կեանքը մեզի համար։ Կեանքը արժեւորելու երկու տարբեր ձեւեր կան։ Կեանքը ինքնին արժէք ունի եւ լաւ պէտք է ապրիլ զայն։ Մինչեւ վերջը պէտք է ապրիլ կեանքը։ Այս է առաջին ձեւը։ Կայ նաեւ այլ ձեւ մը, որ յատուկ է քրիստոնեաներու եւ կարգ մը մարդոց համար միայն. Ըստ որում  կեանքին ինքը  արժէք չունի, այլ՝ ան ուրիշ կեանքի մը՝ աւելի ընդարձակ եւ յաւիտենական կեանքի մը համար կամուրջ մըն է միայն։ Կամուրջ ըլլալու արժէքն ունի։ Քրիստոնեաներուն համար կեանքին իմաստը կը կայանայ այս կեանքէն դէպի յաւիտենական կեանք միջնորդութեան մէջ»։ 

Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը հարցում-պատկերով մը բացատրեց նիւթը. Ճամբան քալելու ընթացքին կը գտնէք ոսկեայ խոշոր բանալի մը։ Կարելի է վաճառել զայն եւ գումար մը ապահովել։ Սակայն խելացի մարդը կը մտածէ, որ նման բանալի մը ո՞վ գիտէ ինչպիսի գանձի մը կղպանքը կրնայ բանալ։ Մեր Հոգեւոր Պետը հաւատացեալները հրաւիրեց վերեւի երկու ճամբով լուծելու հարցը եւ շարունակեց. «Բանալին առնել որպէս նի՞ւթ, թէ զայն օգտագործել որպէս բանալի։ Բանալին մեր կեանքն է, մեր օրերն են։ 2022 տարիին 365 օրեր ունինք եւ անոնք արժէք ունին։ Շատ բան պիտի պատահի կամ կարելի է ընել այս տարուան ընթացքին։ Այս մէկը բանալին ծախելն է։ Կը ծախենք, գումարը կը մսխենք եւ կը վերջանայ։ Իսկ եթէ մենք այդ բանալին՝ կեանքը կ’առնենք եւ կ’ըսենք. Իմ այս թանկագին կեանքս ինչո՞ւ կ’ապրիմ։ Այս կեանքը աւարտելէ առաջ ի՞նչ պէտք է ընեմ, ի՞նչպէս արժեւորեմ։ Այս հարցումներու պատասխանները կը յիշեցնեն, թէ մենք մեր այս կեանքը պէտք է օգտագործենք Աստուծոյ արքայութեան դռները բանալու համար։ Այդ բանալին մեր կեանքն է՝ մեզի տրուած օրերն են։ Եւ որոնումի մեր քարտէզը Աստուածաշունչն է։ Անով կը գտնենք ճամբան, որ Տէր Յիսուս Քրիստոսն է։  Եւ մենք Աստուծոյ խօսքի առաջնորդութեամբ կը գտնենք ու կը հասնինք յաւիտենական կեանքին։ Աստուծոյ խօսքին մէջ բացայայտօրէն կը տրուի թէ Աստուծոյ որդին ինչպէս մարդացաւ, աշակերտներ ունեցաւ եւ անոնց միջոցաւ սորվեցուց թէ մարդ ինչպէս կրնայ յաւիտենական կեանքին տիրանալ»։

Իր խօսքերու վերջաւորութեան Նորին Ամենապատուութիւնը որպէս բանալի համար յիշեցուց Ղուկաս 21.37-38ը, ուր գրուած է. Յիսուս «ցերեկը կ’ուսուցանէր տաճարին մէջ, իսկ գիշերները կ’ելլէր կը մնար այն լերան վրայ, որ կը կոչուէր Ձիթենեաց։ Եւ ամբողջ ժողովուրդը առտու կանուխ անոր կու գար՝ տաճարին մէջ լսելու համար զայն»։ Այսինքն՝ Յիսուս գիշերները կ’առանձնանար Աստուծոյ հետ եւ յաջորդ օր կը վերադառնար ժողովուրդին քարոզելու եւ զայն յաւիտենական կեանքի պատրաստելու։ Մենք ալ մեր կեանքին ընթացքին պէտք է առանձնանանք Աստուծոյ հետ, յետոյ վերադառնանք մեր առօրեային եւ այսպէս ապրիլ մեր կեանքը։

Պատրիարք Հայրը ապա արտայայտուեցաւ տեղական լեզուով։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ կատարուեցաւ նռօրհնէք։ Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ մեր Հոգեւոր Պետին «Պահպանիչ» աղօթքով եւ վերջին օրհնութեամբ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın