İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը 30 Դեկտեմբեր 2021, Հինգշաբթի միջօրէին հիւրասիրուեցաւ Երկանեան ընտանիքի, իսկ երեկոյեան՝ Արսլանեան ընտանիքի բնակարաններուն մէջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը նկատելով, որ համավարակի պատճառաւ ընդհանրապէս անոնք հեռու կը մնային մեր հոգեւոր ու այլ միջոցառումներէն, Ամանորի եւ մօտալուտ Սուրբ Ծննդեան տաղաւարի նախօրեակին փափաքած էր այցելել զիրենք։ Միջօրէին, Տէր եւ Տիկին Արետ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլը ճաշասեղանով պատուեցին մեր Հոգեւոր Պետը։

Իսկ երեկոյեան՝ Նորին Ամենապատուութիւնը Տէր եւ Տիկին Հայկ եւ Անժէլ Արսլանեան ամոլի հիւրասիրութեամբ պատուուեցաւ ընթրիքի սեղանով։

Նորին Ամենապատուութիւնը երկու ընդունելութեանց ընթացքին տուաւ իր հայրական օրհնութիւնները ու բարեմաղթութիւնները։ Նաեւ գնահատեց անոնց կարեւոր ներդրումը ի նպաստ  մեր համայնքային կրթական եւ այլ բարեսիրական հաստատութեանց որպէս հանրածանօթ բարերարներ եւ յանուն համայնքի շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց։

Իշխանական բարերարութիւններով ծանօթ երկու ընտանիքներ Նորին Ամենապատուութեան շնորհակալութիւն յայտնեցին, ցուցաբերած հայրական մերձեցման համար։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın