İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ԱՄԱՆՈՐԻ ԽՕՍՔԸ

«Ամէն բանի ատենը կայ ու

երկինքին տակ եղող ամէն գործին ժամանակը» 

(Ժողով. 3.1)

«Նոր» եւ «նորութիւն» անուանումը կրող ամէն ինչ յուզումնալից ակնկալութիւններ կը ստեղծէ մեր մէջ: Սակայն այդ յուզումները չեն պճնուիր միշտ լաւատես գոյներով եւ չեն գոյացներ յուսալիր եւ ուրախ թրթռացումներ մեր հոգիներուն մէջ: Յոյս եւ երկիւղ, հաւատք ու տարակոյս միասնաբար կը ներկեն ապագայի հորիզոնը, ուստի պրկում մը կը յառաջացնեն մարդուն սիրտին մէջ՝ միշտ վստահութիւն որոնող: 

Նոր տարին դիմաւորելը պճնազարդ կաղանդի ծառերով, խրախճանքի սեղաններով եւ լուսաւորուած փողոցներով, սրահներով ու գոյնզգոյն նուէրներով մեր սիրտի բողոքն է անցած տարիներուն դէմ, որոնք չեն արդարացուցած լիուլի մեր ակնկալութիւնները կեանքի նկատմամբ: Մենք կը փափաքէինք մեր կեանքը աւելի երազային ու հէքեաթային որակ մը ունենար: Երանի, թէ կեանքը մեզի նկատմամբ աւելի ճոխ ու առատաձեռն վարուէր, աւելի հանգստաւէտ պայմաններ շնորհէր մեզի ե՛ւ անստուեր օրեր՝ ընդմիշտ կատարեալ առողջութեամբ, յաջողութեամբ եւ խաղաղութեամբ. փափաքներ, որոնք ամփոփումը կը կազմեն ամանորի մեր բոլոր բարեմաղթանքներուն: Մեր երկրային դրախտը պահանջելու պահերն են ահա՛ նոր տարին դիմաւորելու համար սարքուած բոլոր տօնակատարութիւնները:

Դրախտէն վտարուած ու այս աշխարհի ճամբաներուն վրայ ուղեկորոյս մարդիկս կը փնտռենք մեր դրախտները եւ յոյս ունինք որ միշտ գա՛լ տարի աւելի եւս պիտի մօտենանք անոր: Գերեզմանները փաստերն են, որ այս աշխարհի մէջ մնայուն դրախտ մը չունինք. հազիւ մի քանի ովասիսներ՝ պահ մը շունչ առնելու: Մենք՝ Քրիստոնեաներս ուխտաւորներ ենք ճանապարհի լծուած՝ մեր կորսնցուցած դրախտը վերագտնելու: Դրախտը այն տեղն է, ուր մարդն իր արարչին, բնութեան եւ իրարու հետ համերաշխութեամբ կը վայելեն կեանքը երանութեան մէջ: Բացի անմահութենէն, մնացեալ բոլոր բաղկացուցիչները դրախտին կարելի է հայթայթել այս աշխարհին մէջ, թերեւս ոչ միշտ, այլ որոշ ընտիր պահերուն միայն: Այդ պահերուն քանակը եւ որակը բարձրացնելու մէջ է թաքնուած ապրելու արուեստին գաղտնիքը:

2022 թուականը իր նախորդներուն նման պիտի հրամցնէ մեզի դրախտավայել ժամանակներ: Եթէ մենք հրաժարինք փնտռելէն «վարդ առանց փուշի», այս նոր տարին ալ օրհնաբեր տարի մը պիտի ըլլայ մեզի համար եթէ հաշտուած ենք Աստուծոյ, մարդոց եւ բնութեան հետ ու իրազեկ դարձեր ենք այն իրականութեան, որ 365 օրուան իւրաքանչիւրը շնորհք մըն է մեզի տրուած՝ նուէր մը անփոխարինելի արժէքով օծուն, ներառեալ՝ իր մատուցած դժուարութիւններով:

Գիտենք, բոլորս ալ կը տեսնենք որ 2022-ի հորիզոնին վրայ դիզուած են սեւ ամպեր եւ կը լսենք ամպրոպներու ձայնը, որ դող ու սարսափ կը պատճառէ մեր սիրտերուն: Ուրեմն ճիշդ ժամանակն է կոչ ուղղելու Հաւատքին, Յոյսին եւ Սիրոյն, որոնք մկրտութեան մեր ժառանգութիւնն են մեզի աւանդուած՝ կեանքի ընթացքին գործածելու համար: Պիտի համբերենք: Փոթորիկները ի վերջոյ պիտի հանդարտին, անձրեւները պիտի դադրին, ծիածանը պիտի յայտնուի կապոյտ երկնակամարին վրայ, գարնան եւ արեւաշող օրերու աւետիսը բերելով մեզի: Այո՛, այդ նոյն սեւ ամպերուն մէջէն տեսնել խոստմնալից կապոյտ հորիզոնը ու սպասել համբերութեամբ երջանկաբեր ապագային՝ միայն Հաւատքով եւ Յոյսով կարելի կը դառնայ:

Մեր խիզախ աղաղակը պիտի ըլլայ նոր տարուայ սպառնաշունչ երեսին. «Բոլոր խնդիրներէն եւ մարտահրաւէրներէն մեծ Աստուած մը ունինք, որ մեր Երկնաւոր Հայրն է, խնամող ամենուն»: Անոր արարչագործ ձեռքերուն պիտի յանձնենք մեր ապագան եւ բոլոր դժուարութիւնները, որպէսզի ուժ եւ իմաստութիւն շնորհէ մեզի՝ կուրծք տալու կեանքի բոլոր փոթորիկներուն առանց ընկճուելու եւ յուսահատուելու:

Այս հաւատքը ունեցողներուն համար Նոր Տարին անպայման շնորհաւոր պիտի ըլլայ. քանի որ անոնք գիտեն շաղկապել անձրեւները ծիածանին հետ, վարժ են վարդը իր փուշին հետ բռնել եւ հոտոտել, սորված են քրտինքով հաց ուտել ու բարեւել արեւը գիշերներով միասին: Եթէ նոր տարին մեզի պիտի չյարմարի, թող մենք անոր յարմարինք, Պօղոս Առաքեալի ձայնակցելով. «Ես սորված եմ բաւարարուիլ ինչով որ կրցած եմ: Գիտեմ ապրիլ զրկանքով, գիտեմ ըլլալ առատութեան մէջ: Ամէն բանի մէջ ամէն կերպով խելամիտ եմ՝ թէ՛ յագենալու մէջ, թէ՛ զրկանք կրելու: Ամէն բանի կարող եմ շնորհիւ Անոր՝ որ զօրացուց զիս» (Փիլիպ. Դ.11-14): 

Եթէ այս շնորհալի կեցուածքը կրնանք ցուցաբերել այս նոր տարուան ընթացքին, այդ ժամանակ է, որ մաքուր խղճով, մարդավայել զգացումով եւ անկեղծութեամբ կրնանք ըսել.

Շնորհաւոր Նոր Տարի:

Ձեր բոլորին կը մաղթեմ երջանկութիւն եւ առողջութիւն, երկնառաք լիակատար օրհնութեամբ:

Աղօթարար՝

Սահակ Բ.

Պատրիարք Հայոց Թուրքիոյ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın