İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ՄԱՅՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ «ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆՑ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ»ԷՆ ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ

Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետութեան Կրօնական Ծառայութեանց Գրասենեակը Պատրիարքական Աթոռոյս Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի հետ կապ հաստատելով, քսան եկեղեցւոյ աղքատախնամ մարմիններու արձանագրուած կարիքաւորներուն առեւտուրի քարտեր նուիրեց։ 

Ինչպէս ծանօթ է, Կրօնական Ծառայութեանց Գրասենեակի պատասխանատուներ՝ Նիլիւֆէր Թաշքըն, Իսլամ Էօզքան, Ֆաթմա Եավուզ եւ Վէտաթ Քարա Հոկտեմբեր 2020-ին Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը այցելած էին։ Պատրիարքական Աթոռը Կրօնական Ծառայութեանց Գրասենեակի մօտ կը ներկայացուի Արժ. Տ. Զաքար Քհնյ. Քօփարեանի կողմէ։ Յիշեալ այցելութեան ընթացքին պատասխանատուներ զանազան նիւթերու շուրջ կարծիքի փոխանակում ունենալէ ետք, պատրաստակամութիւն յայտնած էին մեր համայնքի կարիքաւոր անդամներուն եւս օժանդակելու։ 

Մեր համայնքի ցուցաբերած օգնութեան համար շնորհակալ ենք Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուին եւ Կրօնական Ծառայութեանց Գրասենեակի պատասխանատուներուն։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın