İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱԼԹԸՄԷՐՄԷՐԻ Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԻ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 30 Նոյեմբեր 2021, Երեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ տիկնանց կազմը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիւանեանի։

Այցելուները յայտնեցին, որ Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի կը զուգադիպէր 18-19 Դեկտեմբեր 2021, Շաբաթավերջին։ Անոնք, կատարելի կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր օրհնութիւնն ու հովանաւորութիւնը։ Այս առթիւ անոնք տեղեկութիւն տուին եկեղեցւոյ մէջ կատարուած աշխատութեանց մասին։

Պատրիարք Հայրը, եկեղեցիէ ներս տիկնանց կազմի տարած աշխատութիւնը գնահատեց ե յայտնեց, թէ՝ Ս. Յակոբի Տօնին կատարելի արարողութեան ինք պիտի նախագահէ։ Այս առթիւ, տօնախմբութեան սեմին, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն իրենց գործունէութեանց մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın