İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ԱՌՈՂՋԱԿԱՆ ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ԱՅՍՕՐ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ԺԱՄԱՆԵԼ ՔԱՂԱՔՍ

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան այսօր անակնկալօրէն ջնջած է Իսթանպուլ ժամանումը։ Ան յետմիջօրէին քաղաքս պիտի հասնէր, սակայն, այս առաւօտ յառաջացած անակնկալ առողջական պատճառի մը հետեւանքով Նորին Սրբազնութիւնը ի վիճակի չէ ճամբորդելու։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Նորին Սրբազնութիւնը մասնակցութիւն պիտի բերէր Յունաց Պատրիարքութեան կողմէ կազմակերպուած միջազգային գիտաժողովի մը, որու ծիրէն ներս նախատեսուած էր նաեւ իր զեկուցումը՝ Հայ Եկեղեցւոյ էքիւմենիք ոգիին շուրջ։

Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքի հովանաւորութեան ներքեւ նախատեսուած կարեւոր ձեռնարկ մըն է այս մէկը։ Սոյն նախաձեռնութեան շարժառիթն է Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ս. Սինոդին կողմէ 1920 թուականին հրապարակուած շրջաբերականի 100-ամեայ յոբելեանը։ «100 տարուայ բացառիկ ազդեցութիւն» կարգախօսով կազմակերպուած այս միջազգային հաւաքոյթին մասնակցութիւն կը բերեն միջեկեղեցական շրջանակներէ հեղինակաւոր դէմքեր։ «Ամէնուրեք դէպի Քրիստոսի եկեղեցիները» խորագրին ներքեւ 100 տարի անց կը մեկնաբանուի վերոյիշեալ շրջաբերականի նշանակութիւնը։ Ըստ այս միջազգային հաւաքի ծրագրին, հիւրերու այս օրուան ժամանումէն վերջ յետմիջօրէին Ֆէնէրի մէջ նախատեսուած է մասնակցութիւն՝ Ս. Անդրէաս առաքեալի յիշատակութեան հանդիսաւոր տօնակատարութիւններուն։ Աւանդաբար, այս տօնին օրը կը նշուի Տիեզերական Պատրիարքութեան հիմնադրութեան տարեդարձը։ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքի նախագահութեամբ, Ֆէնէրի Պատրիարքարանի համալիրէն ներս, Ս. Գէորգ աթոռանիստ տաճարի երդիքին տակ տեղի կ՚ունենայ եկեղեցական արարողութիւնը։ Իսկ վաղը, այս միջազգային հաւաքի ծրագրի երկրորդ օրը, առաւօտուն բոլոր մասնակիցները վերստին կը համախմբուին Ֆէնէրի մէջ, ուր Պատրիարքանիստ Մայր տաճարէն ներս այս անգամ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ կը մատուցուի՝ Ս. Անդրէաս առաքեալի յիշատակութեան տօնի շրջանակներէն ներս։

Դեկտեմբերի 1-ին, չորեքշաբթի, Թաքսիմի «Grand Hyatt» պանդոկի խորհրդաժողովներու դահլիճէն ներս նախատեսուած է բուն գիտաժողովը, որու բացումին ելոյթով մը հանդէս կու գայ Նորին Սրբազնութիւնը։ Շուրջօրեայ աշխատանքը կ՚ընթանայ երեք նիստով։ Առաջին նիստը 100 տարի առաջ ընդունուած շրջաբերականի պատմական բովանդակութեան վրայ կը կեդրոնանայ։ Երկրորդ նիստը նախատեսուած է «Եկեղեցիներու միջեւ կամուրջ մը» անունով։ Այս նիստի ընթացքին էր, որ պիտի զեկուցէր Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։ Միւս ատենախօսները պիտի ըլլան՝ Վատիկանի Քրիստոնէից միութեան խրախուսման քահանայապետական խորհուրդի փոխ-քարտուղար Մոնս. Անտրէա Փալմիէրի, Եկեղեցիներու համաշխարհային միութեան գործող քարտուղար տքթ. Իոան Սոքա եւ Եւրոպայի եկեղեցիներու քոնֆերանսի նախագահ Քրիստիան Քրիէկէր։ Յետմիջօրէին նախատեսուած երրորդ նիստի նիւթը պիտի ըլլայ «Շրջաբերականի աստուածաբանութիւնն ու եկեղեցաբանութիւնը»։ Այս փուլին առհասարակ նախատեսուած են ուղղափառ բարձրաստիճան եկեղեցականներու զեկուցումները։

Իւրաքանչիւր նիստէն վերջ քննարկումներու համար բաժին մը նախատեսուած է, իսկ գիտաժողովը կ՚ամփոփուի Քաղկեդոնի Էմմանուէլ Մետրապոլիտի եզրափակիչ դիտարկում-խորհրդածութիւններով։

Գիտաժողովի աշխատանքներէն վերջ, մասնակիցները եզրափակիչ ընթրիքով մը կը հիւրընկալուին Արնաւուտգիւղի Սրբոց Հրեշտակապետաց յոյն եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։

100 տարի առաջ կոնդակի ձեւաչափով հրապարակուած այս շրջաբերականին ձօնուած եկեղեցական արարողութիւններուն եւ գիտական ձեռնարկին մասնակցութիւն կը բերէ նաեւ Պատրիարքական Աթոռը։ Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, ծրագրի զանազան փուլերուն ներկայ կը գտնուի Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։

http://www.jamanak.com/content/եկեղեցական/29-11-2021-տ-խաժակ-արք-պարսամեան-առողջական-անակնկալ-պատճառով-այսօր-չի-կրնար?fbclid=IwAR0yl_bmQTub-7HgsTNS1ecbS20sdvahf6xoyIzZBrVnm4n6Vq3gIVYMsNA

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın