İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՏԱՐԲԵՐ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԵԱՄԲ ՅԻՇԱՏԱԿԵԼ ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Երբ ամէն տարի կը հասնի Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի տարեկան տօնախմբութիւնը, Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր Տաճարը, յատուկ հոգեհանգստեան արարողութեան հիւրընակալը կը դառնայ, նկատի ունենալով, որ տաճարի գաւթի աջակողմեան անկիւնը կը գտնուի Կ.Պոլսոյ Երանաշորհ Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի շիրմաքարը։ Շատ անգամ այցելուներ այս շիրմաքարին ճարտարապետական գեղեցկութեամբ կը տարուին առանց գիտնալու, թէ՝ որո՞ւն կը պատկանի այս կոթողային ճարտարը։ 

Ոմանք երբեմն առաւել եւս ուշադրութեամբ կ՚ընթերցեն, Բազմարդիւն Արքեպիսկոպոս՝ Ազգասէր Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի մասին եւ կը մտածեն, թէ՝ այսքան կոթողային շիրմաքարը պէտք է պատկանէր նուիրեալ ու մեծ հոգեւորականի մը, քանի Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ կը գտնուէր անոր աճիւնները։ Իսկ, այս շիրմաքարը, Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի օդը շնչած, դռնէն մուտք գործած, անցեալով ներշնչուած, եւ յատկապէս սանը դարձած անձերուն մտածումները, կամայ եւ ակամայ Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի հիմնարկէքին, ծրագրին եւ իտէալին ուղղելու զօրութիւնը ունի։ Այլ խօսքով, Ազգային Կեդրոնական Վարժարանը, ապրող երկրորդական շիրմաքարն է Ներսէս Պատրիարքին, որուն մէջ ճիշտ է թէ՝ աճիւնները չեն հանգչիր իմաստուն Պատրիարքին, սակայն հոգին կը սաւառնի առ հասարակ ու տեւական կը հնչէ. «Ես դպրոցներէն կը սպասեմ ազգին փրկութիւնը»։ Յետոյ կը շարունակէ հնչիւնը զօրական. ծառայասիրութիւն, եւ ալ աւելին՝ գիտակից ծառայասիրութիւն վասն փրկութեան ազգի։ 

Անցեալ տարի, համավարակի սահմանափակումներուն շուքին տակ, յիշատակուած էր վերստին Ներսէս Պատրիարքը, իր գլուխ գործոց ծրագիրը հանդիսացող՝ Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի գծով։ Այս յիշատակութիւնը տարբեր էր բաղդատմամբ անցեալի փառաւոր արարողութիւններէն, նկատի ունենալով, թէ՝ հսկայ տաճարը համավարակի պատճառաւ սակաւ թիւով ներկաներով լեցուած էր։ Հանդիսաւոր տարեկան տօնախմբութեան յաջորդող պահերուն քիչ մը օրուան անցուդարձերուն մասին մտածեցի եւ տեսայ՝ Իր նախորդին յիշատակին առջեւ ամենայն պարտաճանաչութեամբ հանգստեան աղօթք արտասանող Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, որպէս պատարագիչ խոնարհաբար աղօթակցութիւնս Մեր Հոգեւոր Պետին եւ շիրմաքարին շուրջը համախմբուած կրթական մշակներն ու վարիչները։ Խորհրդաւոր այս մթնոլորտին մէջ ուշադրութիւնս գրաւած էր Ներսէս Պատրիարքին գեղաշէն շիրմաքարին նկարը համացանցի մէջ եւ ընդունելով այս պահը որպէս ներշնչարան՝ փափաքած էի երկտողով միանալ օրուայ խորհուրդին։ Այլապէս ի խորոց սրտի գրի առած էի «ՆԵՐՍԷՍ» խորագրեալ կարճ երկտողը։

Ներսէս Պատրիարք Պոլսեցի Վարժապետեան,

Երկնատուր պարգեւօք հարստացեալ թանգարան,

Րաբունի րաբունեաց շառաւիղ իմաստութեան,

Սրտով կերտեց գիտութեան բարձր օրրան, որ է Կեդրոնական։

Էական բառով պատուեց ու զայն կոչեց՝ Ազգային Վարժարան

Սա եղիցի մեզ աղբիւր խելահասութեան եւ դարբնոց հասունութեան։

Ուստի, տարբեր փորձառութիւն մըն էր 2020-ի տօնախմբութիւնը, որուն մէջ ողողուած յուշերը տակաւին մինչեւ այսօր կը յիշատակեմ եւ կը մաղթեմ, որ Երանաշնորհ Ներսէս Պատրիարքի բոցակիզող հոգին թող իյնայ հուրի այնքան կարօտ սիրտերուն, որոնք կոչուած են աշակերտութեան ի Կեդրոնական եւ ծառայութեան վասն ժողովրդեան։ 

Եւ ահա, արդէն իսկ այդ օրէն մինչեւ այսօր անցած է տարի մը եւ հասած ենք 2021ի տօնակատարութեան։ Այս առաւօտ, Ամենապատիւ Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր բարձր նախագահութեամբ մատուցուեցաւ Գոհաբանական Ս. Պատարագ Աթոռանիստ Մայր Տաճարին մէջ եւ Ներսէս Պատրիարքի շիրմաքարը անգամ մը եւս վերածուեցաւ ուխտավայրի, որուն առջեւ հաւաքուած հոգեւորականներ եւ աշխարհականներ աղօթք բարձրացուցին վասն պայծառութեան Պոլսոյ կրթական առաքելութեան եւ ի մասնաւորի Ազգային Կեդրոնական վարժարանի անսասանութեան։ Անցեալ տարուան նման այս տարի եւս սովորական չէ եւ երկտողով կ՚ուզեմ ընդարձակել տարբերութեան խորհուրդն ու յատկանշանակութիւնը, երբ տարբեր փորձառութեամբ կը խոնարհիմ Երանաշնորհ Ներսէս Պատրիարքի յիշատակին առջեւ։

Այս տարին տարբեր է Կեդրոնական Ազգային Վարժարանէ սնած նուաստիս, քանի Պոլիսէն այնքան հեռու, բայց հարազատութեամբ այնքան մօտիկ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի երդիքին ներքեւ կը միանամ Պոլսոյ տօնախմբութեան, մօտս ունենալով վարժարանակից երէց եղբայս՝ Հոգշ. Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեանը։ Տարբեր փորձառութիւն մըն էր այս մէկը, քանի Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի գրի առած «Քայլեր դէպի Կեդրոնական Ազգ. Վարժարան» գիրքը թղթատելու, վարժարանիս հիմնադիր Ներսէս Պատրիարքի հանուր կեանքի մասին հակիրճօրէն վերստին իմանալու առիթը ունեցայ։ Բանիմաց հոգեւորականին կեանքի մէջ Ս. Էջմիածինը եւս ունեցած էր մնայուն դրոշմ, որուն բարոյական ներկայութեան առջեւ խոնարհելով Իջման Ս. Սեղանի մերձաւոր այս վայրին մէջ կ՚աղօթեմ առ բարձրեալն Աստուած, վասն հոգւոյ խաղաղութեան Կ.Պոլսոյ Տ. Ներսէս Պատրիարքին։ 

Մօտաւորապէս 150 տարիներ առաջ Ներսէս Եպիսկոպոս, իր երիտասարդ տարիքին 17 Մայիս 1872ին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ Իջման Ս. Սեղանին առջեւ կատարած էր հաւատարմութեան ուխտը։ Իսկ երկու տարիներ յետոյ ընտրուած էր Պատրիարք Հայոց Կ.Պոլսոյ։ Տասնամեայ իր գործունէութիւնը այնքան արդիւնաւոր դարձած էր, որ նաեւ ընդունելութիւնը վայելած էր Հայրապետութեան եւ իր վերջալոյսին ընտրուած էր որպէս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, սակայն եւ այնպէս իր առողջական վիճակը ծանր ըլլալուն, ինք հրաժարած էր այս վեհախորհուրդ կոչումէն առանց Կաթողիկոսական օծման արժանանալու։ Այլապէս, որքա՜ն պերճախօս էր այսօր Ս. Էջմիածնի մթնոլորտը, որուն մէջ առնուազն մեզի՝ Կեդրոնականցիներուս առաւել եւս տարբեր փորձառութիւն մը վայելելու արժանացուց։ Այս այն Ս. Էջմիածինն է, որուն ճանապարհէն անցեր է Ներսէսեան Իտէալին առաջին պտուղներէն Հրաչեայ Աճառեանը, դառնալով հանրածանօթ լեզուաբան։ Այս այն Ս. Էջմիածինն է, որ Կուտինացի Սողոմոնը այլակերպելով Պոլիս ուղարկած է որպէս հանճարեղ՝ Կոմիտաս Վարդապետ ու ան յատուկ ձեւով երգչախմբային աշխատութիւն տարած՝ Կեդրոնական Ազգային Վարժարանի մէջ։ Հետեւաբար, այսօր այս սրբավայրին մէջ կատարուած աղօթքին, մաղթանքին կը խառնուի բազմաշատ յիշատակներ, որոնք թէ՛ կը պանծացնեն Երանաշնորհ Պատրիարքը եւ թէ՛ կը ցնծացնեն իր գերագոյն ծրագիրը՝ Կեդրոնականը։

Իսկ, այս մէկը առիթ կ՚ըլլայ որ յիշատակեմ, տակաւին իր առաջին խօսքերուն մէջ շեշտուած հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութեան տողերը, որ տեղ գտած են Տէր Հօր գիրքին մէջ. «…Դաստիարակենք մեր մանկունքն եւ ջանանք, որ մեր ազգային հին համբաւն անաղարտ մնայ, բարձրացնեն ազգային բարոյականութիւնը, որով միայն կարող կ՚ըլլանք Տէրութեան եւ օտարաց համարումն գրաւել։…կրթենք մեր զաւակները Աստուածպաշտութեան ու ուսմանց մէջ… թող զրկուի ամէն իրաւունքներէ այն մարդը՝ որ զաւակներ ունի եւ զանոնք դպրոց չի ղրկեր, դպրոց ունի եւ հոգ չի տանիր անոր, եկեղեցի ունի եւ անհաւատարիմ է անոր»։

«…մեր բարոյական մտաւորական եւ նիւթական վիճակաց բարւոքումն անբաւ զոհողութեանց պէտք ունի։ Մենք եկեղեցիներ, դպրոցներ եւ հիւանդանոցներ ունիմք, սակայն մեր այս ազգային հաստատութիւնք՝ մեծամեծ բարեկարգութեանց եւ անոնց ապահովութիւնքն՝ մեծ ջանից կարօտ են։ Ուսումը տարածելու մեծամեծ ջանքեր ընելու եմք. Զի տակաւին տգիտութիւնը իւր անբաժանելի ընկեր թշուառութեամբ մեծամեծ նախճիրներ կը գործէ շատ տեղեր եւ գրեթէ ամէն տեղ։…»

Տարբեր փորձառութիւն մը ահա, Ներսէս Պատրիարքի յիշատակին ընդմէջէն մտածել իր այնքան այժմէական խորհուրդներուն մասին, որոնք ըստ երեւոյթի այսօր եւս ի զօրու են։ Հետեւաբար, տարբեր փորձառութիւն մըն է այսօր, քանի կ՚աղօթեմ առ բարձրեալն Աստուած բարեխօսութեանը դիմելով հոգիներու լուսաւորիչ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին, որպէսզի Ներսէս Պատրիարքի հոգին ներշնչէ բոլորիս կեանքերէն ներս ու դառնանք արժանաւոր ջահակիրները մեր նախնեաց։ 

Այլապէս, ազգասէր Պատրիարքի «Ազգասէր» ածականին մօտ համախմբուինք այսօր եւ ազգասիրութեան լաւ մեթոտը տեսնենք Ներսէս Պատրիարքի գաղափարներուն, իտէալին եւ հաւատքին մէջ։ Ներսէս Պատրիարքը գիտէ՞ր, թէ՝ իր խօսքերը, անշիջանելի կամքը տարիներ յետոյ այժմէականօրէն առաջնորդ պիտի դառնար շատերուն։ Չեմ գիտեր, բայց վստահ եմ, թէ՝ ինչ որ գուշակեց ու արտասանեց, վստահ ըլլալու էր, թէ՝ ապագային ուրիշ անձերու առջեւ պիտի մնար ուղղիչ, երբ անոնք կարիքը ունէին բարոյական օժանդակութեան։ 

Եւ ահա, երբ առիթը ունեցայ հանգստավայրիս մէջ Պոլսոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին հետեւելու համացանցի ճամբով, Պատրիարք Հայրը եւս կ՚արդարացնէր Ներսէս Պատրիարքի տասնեակ տարիներ առաջ արտասանած խօսքերը եւ ինք եւս կը շեշտադրէր իմաստութեան կարեւորութիւնը համայնքային կեանքէն ներս, որուն մէջ շաղախուած կը մնար գիտութիւնը կեանքի վերածելու վարպետութիւնը։ Հետեւաբար կը միանամ Մեր Հոգեւոր Պետին աղօթախառն մաղթանքին եւ կ՚աղօթեմ որ, այս պատգամները չմնան սոսկ գեղահիւս նախադասութիւն, այլ դառնան՝ ցնցող եւ ուղղող զօրութիւն վասն բարօրութեան համայնքին։

Հուսկ ահա կը կրկնեմ, հետեւի՛նք այսօրուան տարբեր փորձառութեան շունչէն դուրս եկած Ներսէսաշունչ պատգամներուն։ Կեցցէ՛ Կեդրոնականը եւ կեցցէ՛ Կեդրոնականին ծնունդ տուող Ներսէս Պատրիարքին սրբազան իտէալը։ 

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

28 Նոյեմբեր 2021, Կիրակի

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın