İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՐԺ. Տ. ԶԱՒԷՆ ՔՀՆ. ՊՉԱՔՃԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ՊԱՏԿ. ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ

Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Հոգելոյս Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի յետ երկարատեւհիւանդութեան վախճանմամբ թափուր մնացած աթոռին հրաւիրուեցաւ ՊատրիարքականԸնտրութեան առթիւ կազմուած Ազգային Պատգամաւորական Ժողովէն Կրօնական Ժողովիպահեստի անդամ ընտրուած Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ գումարուած Պատկ. Կրօնական Ժողովի 29 Նոյեմբեր 2021, Երկուշաբթի օրուան նիստին, նախ հանգստեան աղօթքով յիշատակուեցաւ՝ ԹաթուլԾ. Վրդ. Անուշեան։ Յաջորդաբար տեղի ունեցաւ ընտրութիւն, որով ժողովական հայրերէն Արժ. Տ. Զաւէն Քհնյ. Պչաքճեան ընտրուեցաւ Ատենապետութեան պաշտօնին։ Պատկ. Կրօնական Ժողովիդիւանի անդամները կը շարունակեն իրենց պաշտօնները. Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան՝ Բ. Ատենապետ, Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան՝ Ատենադպիր եւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Սիւրզեան՝Բ. Ատենադպիր։  

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın