İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԵՒԱՆ ՊԸՉԱՔՃԸՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 26 Նոյեմբեր 2021, Ուրբաթ, ժամը 10.00-ին ընդունեց ծանօթոսկերիչ Սեւան Պըչաքճըն, որուն կ՚ընկերանար Զուիցերիոյ Ժնեւ քաղաքէն ծանօթ գործատէր ՏօղանԷրպէք։ 

Նորին Ամենապատուութիւնը, որ ծանօթութիւն ունէր Սեւան Պըչաքճըի հետ, ինչպէս նաեւ իրհանրածանօթ վաստակին, գոհունակութիւն յայտնեց թէ իր միջոցաւ առիթը ունեցած էրնաեւծանօթանալու արտասահմանէն ժամանած յարգելի հիւրին հետ։ Սեւան Պըչաքճըն ՆորինԱմենապատուութեան նուիրեց «Sevan Bıçakcı, The Timekeeper» գեղատիպ հատորէն օրինակ մը։

Հիւրերը ապա Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեանի առաջնորդութեամբ շրջեցանՊատրիարքարանի շէնքը Յովհաննէս Կոլոտ Թանգարանը եւ յայտնեցին իրենց գոհունակութիւնըընծայուած ընդունելութեան համար։

http://Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın