İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՆԱԽԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՏՆՕՐԷՆՆԵՐԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 25 Նոյեմբեր 2021, Հինգշաբթի, ժամը 16.00-ին, Պատրիարքարանի ժողովասրահին մէջ ընդունեց համայնքային նախակրթութեանվարժարաններու տնօրէնները։ Հանդիպման ներկայ եղան նաեւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։

Հանդիպումի սկիզբին Նորին Ամենապատուութեան առաջարկով հանգստեան աղօթքարտասանուեցաւ ի հանգիստ հոգւոցն Տ. Թաթուլ Ծ. Վարդապետ Անուշեանի, Տ. Մինաս Աւ. Քհնյ. Ճիհանկիւլեանի, ապա  միասնաբար արտասանուեցաւ Տէրունական Աղօթքը։ ՆորինԱմենապատուութիւնը, ողջունեց յարգարժան տնօրէններու ներկայութիւնը եւ շնորհակալութիւնյայտնեց, որ հակառակ իրենց վարչական բազմազբաղ վիճակին մասնակցած էին այս հաւաքին։Նշեց, որ այս երկրորդ հաւաքն էր, որ կ՛իրականանար։ Պատրիարք Հայրը, անցեալ հաւաքինարտայայտուած գաղափարներու լոյսին տակ մեր կրկին ընդգծեց կրօնքի եւ հայերէնիդասաւանդութեանց արդիւնաբեր ըլլալու կարեւորութիւնը։ Անդրադարձաւ, մանաւանդնախակրթութեան համար սահմանուած տարիները կարեւորութեան, քանի որ այս դասարաններունմէջ էր որ հարկաւոր գիտելիքները կը փոխանցուէին եւ աշակերտներ այս գիտելիքները ստացածըլլալով կը սկսէին լիսէի բաժնի ուսման հետեւիլ։

Պատրիարք Հայրը առաջարկեց մեր վարժարաններու կրօնքի եւ հայերէնի ուսուցիչներունմասնակցութեամբ կազմել երկու յանձնախումբեր, որպէսզի անոնք աշխատանք տանէին այսդասերու աւանդման ծրագիր մը մշակելու համար։ Այս տարուած աշխատանքը նաեւ մերվարժարաններէն ներս միօրինակութիւն մը պիտի ապահովէր սոյն երկու դասերու աւանդմանկապակցութեամբ։ Այս յանձնախումբերը իրենց աշխատանքը պիտի տանէին նկատի ունենալովաշակերտութեան մակարդակը եւ իւրաքանչիւր դասարանի մէջ աւանդուած դասաժամերուդրութիւնը։

Նաեւ առաջարկուեցաւ յանձնախումբ մը եւս կազմել դասաւանդելի նիւթերու դասարաններուհամաձայն դասաւորման եւ դասագրքերու պատրաստութեան համար։ Այս մէկը եւս ընդունելութիւնգտաւ, այն առումով որ մեր վարժարաններու մէջ դասարաններու հետեւողականութեան առընթերաւանդուած նիւթերն ալ ըստ այնմ կարգաւորուած պիտի ըլլային, որ իր անդրադարձը պիտիունենար կիրարկուած դասաժամերու արդիւնաբերութեան վրայ։

Հաւաքին մասնակից տնօրէններ շնորհակալութիւն յայտնեցին եւ խոստացան իրենց աջակցութիւնըբերել կրթական գետնի վրայ տանելի աշխատանքներուն։

Հանդիպման աւարտին, Պատրիարք Հայրը, իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ  ներկաներուն եւյաջողութիւն մաղթեց իրենց կրթանուէր գործունէութեանց մէջ։ Բաց աստի, հաւաքի մասնակիցտնօրէններ ստացան Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի յուշամատեանէն օրինակներ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın