İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր հրաւէրով Պատրիարքական Աթոռոյ սարկաւագաց դասու անդամները 24 Նոյեմբեր 2021, Չորեքշաբթի, ժամը 19.00-ին հաւաքուեցան Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ, նախագահութեամբ Նորին Ամենապատուութեան։ Հանդիպման ներկայ էին Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Հաւաքոյթը բացուեցաւ կատարուած հանգստեան կարգով ի հանգիստ հոգւոցն նորոգ վախճանեալ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի, Տ. Մինաս Աւ. Քհնյ. Ճիհանկիւլեանի, ինչպէս նաեւ Ս. Սեղանի հանգուցեալ սպասաւորներուն։

Նորին Ամենապատուութիւնը նախ պարզեց հաւաքոյթին նպատակը, որ էր լսել Պատրիարքական Աթոռոյս սարկաւագաց դասու անդամներուն փափաքներն ու ցաւերը։ Պատրիարք Հայրը, այս առումով շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ սարկաւագաներուն, քանի անոնք սիրով ընդառաջած էին հրաւէրին։

Մեր Հոգեւոր Պետը, առաջին հերթին անդրադարձաւ համավարակի պայմաններուն եւ յայտնեց, թէ՝ այս շրջանին եկեղեցական կեանքը դժուարութիւններու հետ դէմ հանդիման մնացած էր եւ այս մէկը բնականաբար իր անդրադարձը ունեցած էր նաեւ սարկաւագներու վրայ։ Բարեբախտաբար, ամրան շրջանէն յետոյ, պայմանները մասամբ աւելի թոյլատու դարձած էին եւ այսպէսով եկեղեցին պարբերաբար սկսած էր ըստ նախընթացի գործել։ Այս ժամանակաշրջանին, սարկաւագաց դասու անդամները եւս ըստ նախընթացի շարունակել սկսած էին իրենց պաշտօնին։ Մեր Հոգեւոր Պետը, այս առիթով յատուկ ձեւով գնահատեց սարկաւագները, որոնք իրենց եկեղեցիներուն մէջ օրհնեալ ծառայութիւն կը մատուցանէին ի փառս Աստուծոյ եւ ի պայծառութիւն եկեղեցւոյ։

Նորին Ամենապատուութիւնը, յաջորդաբար անդրադարձաւ սարկաւագական աստիճանի կարեւորութեան եւ յայտնեց, թէ՝ սարկաւագութիւնը երեք մեծ աստիճաններուն առաջինն է։ Պատրիարք Հայրը այս շրջագիծով օրինակներ տուաւ այլ եկեղեցիներէն եւ յայտնեց, թէ՝ սարկաւագներ բացի սպասարկութենէ, նաեւ ուսուցողական եւ վարչական պաշտօններ կը ստանձնէին։ Մեր եկեղեցւոյ մէջ սարկաւագները ընդհանրապէս ծիսական ծառայութիւն կը մատուցանէին, սակայն անշուշտ թէ իրենց մէջ կային Ս. Գրոց սերտողութիւններուն առաջնորդող եւ կամ վարչական պաշտօններ ստանձնած սարկաւագներ։ Պատրիարք Հայրը, այս առումով նաեւ շեշտեց, որ սարկաւագներ, բացի ծիսական զարգացումէ նաեւ կարիքը ունէին հոգեպէս զօրացման։ Այս շրջագիծով, յայտնեց, թէ՝ ինք որպէս Պատրիարք միշտ պատրաստ էր նման նպատակով նեցուկ կանգնելու սարկաւագաց։

Հանդիպման ընթացքին սարկաւագաց դասու անդամներուն կողմէ օրակարգի եկաւ նաեւ պաշտամունքի ընթացքին գործածուած լեզուն եւ այլ լեզուներով Ս. Գրոց ընթերցում կատարելու պարագան։ Այս առումով օրինակներ դրուեցան սփիւռքեան պայմաններէն։ Պատրիարք Հայրը, կարեւորեց սարկաւագաց ներկայացուցաօ գաղափարը եւ որպէս պատասխան ըսաւ, որ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ միութեան խորհրդանիշն է լեզուական միօրինակութիւնը։ Հետեւաբար պէտք էր գտնել այնպիսի դրութիւններ, որպէսզի ոչ-հայախօս տարրը չկորսուի։ Սակայն այս մէկը պէտք է կատարել հաւասարակշռեալ ձեւով, որպէսզի միւս կողմէն չկորսնցենք հայախօս տարրը։ Պատրիարք Հայրը կարեւորեց, ժողովուրդին աւելի շատ հասանելի դառնալու եւ այս շրջագիծով եկեղեցւոյ կարգ ու կանոնները ուսուցանելու անհրաժեշտութիւնը։ Այլապէս Պատրիարք Հայրը շեշտը դրուաւ ոչ-Հայախօս հաւատացեալները Ս. Պատարագի երգեցողութեան ներգրաւելու կարեւորութեան։ 

Հանդիպման աւարտին, Մեր Հոգեւոր Պետը յայտնեց, թէ՝ Ս. Ստեփաննոսի Տօնի նախատօնակը, իր նախագահութեամբ հանդիսաւորապէս պիտի նշուէր, որուն պիտի մասնակցէին նաեւ կիսասարկաւագաց դասու անդամները։ Առ այդ, իրենց մասնակցութեամբ արարողութեան աւարտին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի պիտի ունենար սիրոյ սեղան եւ այս մէկը առիթ պիտի դառնար պատուելու սարկաւագաց եւ կիսասարկաւագաց դասու անդամները։

Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեամբ եւ աղօթքով վերջ գտաւ հաւաքոյթը եւ ներկաներ շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած հայրական մերձեցման համար։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın