İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՆԱՓՈԼԻԻ ՄԷՋ ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ

Իտալիոյ Նափոլի քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ (San Gregorio Armeno) եկեղեցւոյ մէջ նախընթաց երեկոյեան տեղի ունեցաւ էքիւմենիք աղօթք մը։ Խորքին մէջ, սա շատ յատկանշական արարողութիւն մըն էր, որուն միասնաբար նախագահեցին Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ ու Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Նափոլիի վիճակաւոր Արքեպիսկոպոս Միմմօ Պաթալիա։ Ներկայ էր նաեւ Նափոլիի օժանդակ եպիսկոպոսը՝ Կայէթանօ Քասթելլօ։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի կողքին էին Միլանոյի հայոց հոգեւոր հովիւ Տ. Տիրայր Վրդ. Յակոբեան եւ Հռոմի հայոց հոգեւոր հովիւ Տ. Պսակ Վրդ. Թեպիրճեան։

Նափոլիի հոգեւոր առաջնորդութեան հովանաւորութեան ներքեւ, անոր էքիւմենիզմի ու միջեկեղեցական երկխօսութեան բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Միասնութեան եւ խաղաղութեան շաբաթ»ի շրջանակէն ներս տեղի ունեցաւ այս խորհրդաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցութիւն բերին բազմաթիւ կաթոլիկ հաւատացեալներ եւ իտալահայ համայնքէն անդամներ։

Հարկ է նշել, որ Նափոլիի պատմական կեդրոնի այս եկեղեցին, որու անունը բուն իտալերէն թարգմանութեամբ «Սուրբ Գրիգոր Հայ» է, 1579 թուականին օծուած է։ Շինութեան սկզբնաւորումը կը թուագրուի 8-րդ դարուն։ Ըստ պատմական տուեալներու, Պոլիսէն փախած խումբ մը հայ կոյսեր հաստատուած են Նափոլիի մէջ՝ իրենց հետ տանելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մասունքները։ Աւելի վերջ, այդ մասունքները ամփոփուած են ի պատիւ Հայոց հայրապետի կառուցուած այդ եկեղեցւոյ մէջ ու ան դարձած է՝ քաղաքի հովանաւոր սուրբերէն մին։ Դարերու տեւողութեան եկեղեցւոյ յարակից վանական համալիրէն ներս հիւրընկալուած են զանազան միաբանութիւններ, բայց միշտ պահպանուած են հեռաւոր հայ ակունքները։ Ի հաստատումն այդ փաստի՝ 2015 թուականի ապրիլին վերաբացուած էր այս եկեղեցւոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի յիշատակին ձօնուած մատուռը, ուր շուրջ հինգ դարեայ բացակայութենէն յետոյ վերազետեղուեցան Լուսաւորչի սուրբ մասունքները։

Նախընթաց օրուան միջեկեղեցական արարողութեան ընթացքին Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան խօսք ուղղեց ներկայ հաւատացեալներուն։ «Քրիստոնէական միութեան որոնման մէջ կարեւորագոյն հաստատումներէն մին այն է, որ Քրիստոս ներկայ է իւրաքանչիւր հաւատացեալի եւ իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ մէջ։ Երբ բոլորս «կը մնանք» Քրիստոսի ներկայութեան մէջ, այդ պարագային որեւէ եկեղեցի կամ ոեւէ քրիստոնեայ կը դադրի օտար ըլլալէ։ Այդ միութիւնը մարդոց կողմէ չէ ստեղծուած։ Ուստի մարդիկ չեն կրնար մերժել այն եւ կամ խուսափիլ անկէ։ Սա Աստուծոյ պարգեւն է», ըսաւ ան։

Բաց աստի, Նորին Սրբազնութիւնը անդրադարձաւ քրիստոնեայ եկեղեցիներու տարբերութիւններուն, որոնք պայմանաւորուած են մշակութային առանձնայատկութիւններով, աւետարանական այս կամ այն ճշմարտութեան շեշտադրումներով, պաշտամունքի ինքնատիպ ձեւերով եւ այլն։ Այս բոլորը գործօններ են, որոնք յաճախ կը հարստացնեն Քրիստոսի եկեղեցին։ Բայց եւ այնպէս, ան ցաւով մատնանշեց, որ գոյութիւն ունին աւերիչ բաժանումներ։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ընդգծեց, որ բաժանումէն դէպի միութիւն ճանապարհի կարեւորագոյն ուղենիշը այն հաւատքն է, թէ Քրիստոս կը բնակի մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ։

Նափոլիի միջեկեղեցական արարողութեան ժամանակ Նորին Սրբազնութիւնը ընդգծեց, որ որեւէ եկեղեցի չունի Քրիստոսի ներկայութեան եւ զօրութեան մենաշնորհը։ Հայ Եկեղեցւոյ հիմնադիր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, որ ճանչցուած ու սրբադասուած է բոլոր աւանդական եկեղեցիներուն կողմէ, այս ուղղութեամբ հիասքանչ օրինակ մըն է։ Սա ի յայտ կը բերէ, թէ ինչպէս զանազան եկեղեցիներ կրնան միաւորուիլ ընդհանրական եկեղեցւոյ սուրբի մը վկայութեան շուրջ։

Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եզրակացնելով իր պատգամը մաղթեց, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ բարեխօսէ եւ իր կեանքի օրինակով առաջնորդէ բոլորը՝ միութեան մասին քրիստոնէական ընկալման վերարժեւորման, որպէսզի քրիստոնեաներու խօսքի եւ գործի միջոցաւ տեսանելի դառնայ անոնց միութիւնը Քրիստոսով ի փառս Ամենասուրբ Երրորդութեան։

http://www.jamanak.com/content/եկեղեցական/25-11-2021-նափոլիի-մէջ-միջեկեղեցական-աղօթք

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın