İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԻ ԶԱՒԱԿ՝ ՀԱՆՃԱՐԵՂ ԼՈՌԵՑԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ (ՄԱՍ 3 եւ վերջ)

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Սայաթ Նովայի օրհնալի ներկայութենէ բաժնուելէ յետոյ, ուղղուեցանք դէպի՝ Պանթէոն, ուր կը գտնուի Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի գերեզմանը։ Թիֆլիզի մէջ բազմաթիւ գրական դէմքերու մօտ, կարծէք կ՚առանձնանար Թումանեանը, Նովայէն մօտաւորապէս 100 տարիներ յետոյ ի յայտ եկած մեծ բանաստեղծը, որ սեռած էր հոգեւորականի ընտանիքէն։ Նախապէս աճիւնները կը գտնուէին Խոջիվանքի գերեզմանատան մէջ, սակայն ժամանակօք գերեզմանը աւերուած ըլլալուն, Թումանեանի գերեզմանը տեղափոխուած էր Հայ Գործիչներու նորաստեղծ պանթէոն։ Այստեղ կը վերյիշէի այն հետաքրքական դէպքը, թէ՝ Թումանեանի վախճանումէն յետոյ, իր բազմաթիւ զաւակներէն մին՝ Արեգը, Թումանեանի սիրտը կը տանէր իր մօտ եւ տարիներ շարունակ կը պահէր այս սիրտը. «Ես մի քայլ արեցի…ես հայրիկի սիրտը գողացա։ Ճիշտ ա, պէտք է շատ հանդուգն լինել, որ գողանալ էն սիրտը, որ գրկում էր ամբողջ աշխարհը, պետք է շատ իրեն կորցնել, որ մոտ գալ, բայց իմ սիրտը չդիմացավ։ Գողացա։ Գուցե մեղադրում ես։ Ոչինչ։ Թող իմ սուրբ հոր սիրտը լինի մեր տանը։ Ճիշտ ա, նա չի բաբախում, բայց չէ՞ որ նա մեզ հետ ա ապրել, չէ՞ որ հայրիկը ամբողջ սրտի մեջ ա, և հայրիկի սիրտը պետք է մեր տանը լինի…»։

Թիֆլիզի հետ նոյնացած անուններէն Թումանեանի շիրմին երկիւղով ու հիացմունքով մօտեցայ։ Պանթէոնը այնպիսի վայր մըն էր, ուր ամէն տեղ կանանչութիւն եւ անձայն մթնոլորտին մէջ հանճարեղ անձինք իրենց շիրիմներուն մէջէն կը պատգամէին ամենայն խորհրդաւորութեամբ։ Թումանեան ալ այնպիսին էր, որ փոքրիկ շիրմաքարի մը վրայ արձանագրուած «Յովհաննէս Թումանեան» անունը բաւ էր, որ կանգ առնէինք այդ վայրին մէջ եւ իր հանճարին եւ իտէալին մասին խոկայինք։ Հայկական ամէն ինչի կապուած Թումանեան, յատկապէս սիրահարուած էր իր լեզուին, որուն մասին արտայայտուած ժամանակ իսկ, Հայկական բառամթերքով զարդարած էր իր պատգամախօս կեանքը. «Լեզուն է ամէն մէկ ժողովուրդի ազգային գոյութեան եւ էութեան ամենախոշոր փաստը, ինքնուրոյնութեան ու հանճարի ամենախոշոր դրոշմը, պատմութեան ու հեռաւոր անցեալի կախարդական բանալին, հոգեկան կարողութիւններու ամենաճոխ գանձարանը, հոգին ու հոգեբանութիւնը»։ Անձայն մթնոլորտին մէջի հովուն սուլիչը կարծէք կ՚ազդարարէր բոլորս, որպէսզի չմնայինք պարզ այցելուներ եւ ստանայինք մեր պատգամը կենսական։ Պահ մը մենք ալ հետեւելով այս խորհրդաւոր մթնլորտի շունչին, դիտեցինք շիրիմը եւ յաջորդաբար հանգստեան աղօթքով յիշատակեցինք Յովհաննէս Թումանեանը, երգելով «Եկմալեան Հայր Մեր»ը, նկատի ունենալով, որ Թումանեանի շիրմին մօտ կանգնած էր Մակար Եկմալեանը։

Պանթէոնի խորհրդաւոր միջավայրին մէջ երբ շրջեցանք քիչ մը, յաջորդիւ Թումանեանի մասին առաւել եւս զգացական դառնալու ճանապարհը բացուեցաւ մեր առջեւ։ Առաջնորդուեցանք դէպի Թումանեան Տուն Թանգարան, ուր եղած էր անցեալին Յովհաննէս Թումանեանի բնակարաններէն մին։ Կառոյցը Վրաստանի Հայոց Առաջնորդութեան հոգածութեան առարկայ դարձած էր եւ ներկայիս որպէս յուշավայր կը դիմաւորէր իր այցելուները։ Բարձրադիր տան ամէնէն վերի յարկը մինչեւ որ բարձրացանք, արդէն ամէն մի քայլ առաւել եւս հետաքրքրութիւն կ՚առթէր մեր մօտ։ Ի վերջոյ հասանք տունը եւ այցելութեան եկած հիւրի մը նմանութեամբ մուտք գործեցինք եւ կարծէք Թումանեան իր աշխատասենեակէն դուրս ելլելով մեզի պիտի դիմաւորէր ու բարի գալուստ մաղթէր։ Տունը ընդարձակ էր, իր սրահով ու աշխատասենեակով, սակայն այս բոլորին մէջ աշխատասենեակն էր ամենէն հետաքրքրականը, քանի գոյքերն իսկ պատմական էին մնացած՝ Թումանեանէ։ Պահ մը անարժանաբար նստայ իր աթոռը եւ սեղանին սուզուեցաւ մտածումներս եւ խորհեցայ, թէ՝ այդ սեղանին վրայ ինչպիսի բանաստեղծութիւններ գրի առնուած էին, որ քերթուածը այդ սենակի այս սեղանին վրայ գրի առնուած էր։ Պատմութիւնը որ հակիրճ ձեւով լսեր էինք Թումանեանի, ահա այդ պահուն ուղղակիօրէն իր շունչով ու զգալի ներկայութեամբ խոնարհօրէն կը քաշքշէր։ Ահա, նոյն սեղանին դիմաց կը գտնուէր աթոռակ մը, որուն վրայ հաւանական է որ, նստած ըլլար Մեծն Կոմիտաս Վարդապետը, երբ եղբայրական ջերմ հանդիպում կ՚ունենար Թումանեանի հետ։ Ուստի, այդ սենեակը ո՞վ գիտէ որ բանասիրաց, որ հոգեւորականաց, որ մտաւորականներու հիւրընկալ դարձած էր։ Գիրքերու մէջ ընթերցուած անունները, մի քուցէ այդտեղ հետք թողած էին եւ այս այցելութիւնը առիթ կը դառնար որ անոնք միանային սենեակի կլիմային։

Յաջորդաբար անցանք տան մեծ դահլիճը, որ անցեալին Թումանեանի հիւրընկալութեամբ գեղարուեստական միջոցառումներու, հանդիպումներու վայր դարձած էր։ Ներկայիս եւս պատմական դաշնակ մը անկիւնը դրուած սենեակը կը շարունակէր մնալ միջոցառումներու սրահ։ Բաց աստի, սրահին մէջ կը գտնուէին գոյքեր եւ գիրքեր, որոնք սրահը առաւել եւս կը դարձնէին վկայարանի մը, որուն մէջ ընտանեկան պարզ գոյքերուն մէջէն կը խօսէր պատմութիւնը։ Ապա անցանք այն պատշգամը, որուն մէջ աթոռակի մը վրայ նստած Յովհաննէս Թումանեան կը դիտէր դիմացի կանանչութիւնը, բնութիւնը եւ կը գրէր ու կը գրէր։ Այսօր չկային անցեալը բնութիւնը, կանանչութիւնները եւ շրջակայքը տուներով լեցուն էր, սակայն եւ այնպէս, յայտնեցի, թէ՝ աշխատասենեակը բնականոն ձեւով պահուած էր։ Ամէն ինչ բնական, տակաւին երեկ գիշեր Թումանեանը այդտեղ ապրածի պէս։ Կարծէք Թումանեաններու տունը հիւրութեան գացեր ենք ու ան այդտեղ սուրճ մը հրամցուցեր է մեզի։ Հետեւաբար, այս կարճատեւ այցով պատմութիւնը ցնցեց բոլորս եւ քաջատեղեակ դարձանք, թէ՝ Թիֆլիզը ինչպէ՞ս ընդելուծուած էր Հայութեան գրականութեան։

Այցելութիւնը երբ աւարտին հասաւ, արդէն իսկ կարճ ժամանակի մէջ յատկապէս երկու հսկաներուն անունները այլեւս անուն պիտի չմնային մօտս։ Առաջին առիթով այսքանը իսկ բաւ եղաւ որ, մեծ ներշնչանքի աղբիւր դառնայ Պոլսոյ եւ Ս. Էջմիածնի միջեւ մնացած երրորդ օրրանը։ Թերեւս Սայաթ Նովայի եւ Յովհաննէս Թումանեանի ստեղծագործութիւնները հասկնալու մէջ պիտի ունենամ դժուարութիւններ, սակայն այս քաղաքը նուիրեց առաւելութիւն մը, որ է տեսնել՝ թէ Սայաթ Նովան ու Յովհաննէս Թումանեանը տակաւին կ՚ապրին Թիֆլիզի մէջ եւ տակաւին կը ներշնչեն բոլոր հետաքրքիր այցելուները։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın