İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵՐԵՔ ՕՐՐԱՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՐԴՈՒԹԻՒՆ (ՄԱՍ 1)

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Մեր կենաց Ժխտական պատկերները, երբեմն չենք գիտէր, թէ՝ ինչպիսի երեւոյթներու ականատեսները կը դարձնեն մեզ։ Դժուարութեան մօտ դիւրութիւն մը, նեղութեան մօտ համբերութիւն մը, խռովութեան մօտ խաղաղութիւն մը եւ բազմապիսի ժխտական պատկերներու մօտ թագնուած խորհրդաւոր աղէկութիւն մը կրնայ գտնել մարդ արարածը առ հասարակ։ Իրապէս կեանքը հակապատկերներով գունաւորուած, անսպասելի անակնալներով իմաստաւորուած ապրումներու հաւաքածոյ մը չէ՞։ Ահա նման պարագաներուն յաճախակիօրէն «Աստուած մեծ է», «Հայր Աստուած», «զգործս ձեռաց մերոց ուղիղ արա ի մեզ Տէր» նախադասութիւնները արտասանելով, չե՞նք սկսած մեր ոտքերով եւ կամ մտքով ուղեւորութեան։ 

Պոլիսէն դէպի Թիֆլիզ եւ ապա՝ Ս. Էջմիածին երկարած ճանապարհորդութեանս ընթացքին ականատեսը եղայ այնպիսի երեւոյթներուն, հոգւոյս մէջ զգացի այնպիսի խորհրդաւոր արձագանք մը պատմական, որ մոռցուց շարունակական ուղեւորութիւնը եւ երկարատեւ ճանապարհին պատճառ դարձած յոգնութիւնը մարմնական։ Առաջին իսկ մէկ օրէն, փափաքն ունեցած էի վերլուծել տեսածներս, ուզած էի Թիֆլիզ քաղաքի մասին եզրակացութեան մը հանգիլ եւ յաջորդիւ գրիւ փոխանցել այս բոլորը։ Ճիշտ շաբաթ մը առաջ սկսած ուղեւորութեան ճանապարհագրութեան մասին, առիթը ունեցայ քիչ մը մտածել, քիչ մը զրուցել եւ յաջորդիւ ահա լաւ առիթ է, որ ներկայացնեմ այն ինչ որ տեսայ։

Հարցով մը դիմել կ՚ուզեմ նախ եւ առաջ ընթերցասէր անձանց։ Եթէ հնարաւորութիւնն ու ժամանակը ունենայիք, երկար ճանապա՞րհ մը կ՚ընտրէիք որպէս ուղեւոր, ապա, թէ ոչ՝ կարճը ընտրելով պիտի բաւարարուէիք։ Վստահաբար երկրորդը պիտի ընտրէինք շատերս, փարելով միշտ դիւրինին։ Եթէ առիթն ընծայուէր, վստահաբար ես եւս պիտի ընտրէի կարճ ու կտրուկ ճանապարհը։ Բայց հակապատկեր մը ահա, այստեղ ըսել կ՚ուտայ, թէ՝ լաւ է եղեր երկարատեւը այս անգամ, քան թէ՝ կարճատեւը։ 

Ահա փոքրիկ սակայն պատմութեամբ հարուստ Թիֆլիզն էր պատճառը, որ որպէս պատմական վկայարան եւ պայքարող սփիւռք, կը դառնար այցելուներուն մօտ ներշնչանքի աղբիւր։ Հայեցի շունչով, ոգիով, մտածելակերպով, հաւատքով լի այդ քաղաքն էր, որ տակաւին առաջին իսկ պահէն առինքնող կոթողներով կը խօսէր, թէ՝ ան անցեալին չէր եղած միայն լոկ քաղաք, այլ՝ բարձրացած էր հայկական ճաշակով, գիտութեամբ եւ հաւատքով ու վերածուած՝ հոգեւոր եւ գրական պատմութիւն բուրող ծաղկաստանի մը։

Ճանապարհորդութեանս առաջին կայանն էր Պոլիսը, եկեղեցիներով, դպրոցներով, հաստատութիւններով կանգուն մնացած մեր քաղաքը։ Ուրեմն հակիրճ անդրադարձ ակնարկ մը  նախ դէպի Պոլիսին… Երբեմնի Պոլիսը, որ Հայ գիրի ու գրականութեան մայրաքաղաք դարձեր է անցեալին, ծնունդ տուեր է մտաւորական եւ գաղափարարտադրիչ անձերու, Պոլսեցիներուս համար միշտ դարձեր է արդար հպարտութեան արարկայ մը։ Շիշլիի, Սկիւտարի եւ նման պատմական գերեզմանատուները վկաները դարձեր են երբեմնի հայաշունչ Պոլիսին, բազմաթիւ հայկական գաղութներու սիրտը դարձած Պոլիսին։ Քաղաքին մէջ ուր որ երթաք, անպայման կը գտնէք անցեալը դէպի ապագայ փոխադրելու կարող շէնքեր եւ կամ հաստատութիւններ։ Ահա այս քաղաքին շունչը նախ կ՚ըմբոշխեմ եւ «Հայր Աստուած» ըսելով կ՚ուղղուիմ դէպի Ս. Էջմիածին։

Ճանապարհորդութեանս վերջին կայանն է Ս. Էջմիածինը, հոգեւոր օրրանը Հայ ժողովուրդին եւ բաբախող սիրտը Հայ Եկեղեցւոյ։ Ամենայն Հայոց Հայրապետական Ս. Աթոռի շուրջ համախմբուած, հաւատք ու մշակոյթի, աղօթք եւ մեղեդի արտադրած քաղաքի վերածուեր է ան։ Յատկապէս Մայրավանքէ ներս մուտք գործած ոչ-Հայ օտար մը նոյնիսկ, ակամայ կը սկսի սքանչանալ պատմական վանքերով, որոնց բարձրաբերդն է Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարը։ Ուղեւորը կը զմայլի տեսնելով գործօն կառոյցներ, ողջ միաբանութիւն մը, արարողութիւններով լի շնչող վայր մը, ուր խաչքարեր, յիշատակարաններ կը վկայեն հոգեւոր կեդրոնի անուրանալի պատմութեան։  

Իսկ այս երկու օրրաններու միջեւ մնացած, մշակութային եւ հոգեւոր միութիւնը կամրջող քաղաքի վերածուած Թիֆլիզի մասին խօսինք աւելի։ Վենետիկի, Հալէպի, Երեւանի, Նոր Ջուղայի նման որպէս մշակոյթի կեդրոն ներկայացուած քանի մը քաղաքներու շարքին, միշտ իր արդար տեղը գրաւած է Թիֆլիզը, որուն ծոցէն ելած են Հայ Եկեղեցւոյ եւ ժողովորդի պատմութեան հետ սերտօրէն առընչուած դէմքեր։ Սակայն իմ մօտ, ան միշտ կը մնար վերացական, քանի առիթը չէի ունեցած մօտէն տեսնելու։ Մարդ արարածի կեանքին մէջ կան պահեր, երբ կը լսէ չհասկնար, կը լսէ չի տեսնէր ու կը մոռնայ, սակայն կը հասնի պահ մը որ կը շնչէ մթնոլորտ մը եւ գերբնական խորհրդաւոր զօրութեան մը ներշնչանքով կը սկսի տեսնել ու յիշել եւ յաջորդիւ կամայ եւ ակամայ վերակենդանանալ կը սկսին գիտելիքներ, որոնք դուրս կուգան անցեալի հոլովոյթէն։ Անշուշտ, թէ ըստ Քրիստոնէական մեր հաւատքին Աստուածն է, այդ ներշնչանքին աղբիւրը, որ տեսարաններն ու դրուագները որպէս առիթ կ՚օգտագործէ, իր ներշնչական զօրութիւնը բխեցնելու համար մարդ արարածի կեանքէն ներս։

Առաւօտ ժամը 05.00-ին, խաւարապատ շրջակայքի մը մէջ երբ առաջին անգամ հանդիպում ունեցայ Թիֆլիզի հետ, արդէն քիչ թէ շատ կային յատկապէս երկու անուններ մտքիս մէջ, որոնցմէ առաջինն էր Սայաթ Նովա կոչեցեալ մեծ երգահանը, որ անուանակիցս եղեր է իր աւազանի անունով, իսկ երկրորդը՝ Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ կոչեցեալ Յովհաննէս Թումանեանը։ 

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

21 Նոյեմբեր 2021, Երկուշաբթի

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın